6
1 غð ÊúêøÀ Յառաջիկայ օրերը Հայաստանակեդրոն Մայր կուսակցութեան համար իւրայատուկ օրեր պիտի ըլլան: Հնչակեան Քսաններու 100-ամեակին նուիրուած տարբեր միջոցառումները, հաւաքները հանդիպումները եւ տարբեր երկիրներու մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկները նոր երանգ պիտի ստանան Հայաստանի մէջ: Կը սպասուի նաեւ, որ տարբեր շրջաններէ Հայաստան հասնին մեծ թիւով կուսակցական ընկերներ, տարբեր մարմիններու պատասխանատուներ եւ համակիրներ: Ձեռնարկները բնականաբար նոր երանգ պիտի հաղորդեն մեր կուսակցութեան ոգեղէն էութեան, տրուած ըլլալով, նաեւ որ Սոցիալ Դեմոկրատ Կուսակցութեան համար Հայաստանակեդրոն գործունէութիւնը թեւակոխած է նոր փուլ: Գաղտնիք չէ, որ վերջին տարիներուն Հայաս- տանի քաղաքական կեանքին մէջ գրանցուած դէպքերը, զարգացումները եւ տիրող ընդհանուր իրավիճակը, նահանջը կուսակցութիւններուն հանդէպ նախկին եռանդն ու հաւատքը իջեցուցած են մտահոգիչ աստիճաններու: Հայրենի ժողովուրդը կորսնցուցած է իր երբեմնի հաւատքն ու յարգանքը եւ վստահութիւնը միաժամանակ իշխանական կամ ընդդիմադիր կուսակցութիւններուն հանդէպ: Այս խնդիրը խոր արմատներ ունի, որոնց քննութեան առարկայ դարձնելը այլ առիթի կը թողունք: Կարեւոր է սակայն մէկ հանգամանք, այն, որ հակառակ, սփիւռքի մէջ տիրող ծանր պայմաններուն սփիւռքի հայութեան տարբեր հատուածներ կը շարունակեն իրենց ունեցած հաւատքն ու երախտիքը արծարծ պահել մեր ժողովուրդի ազգային-աւանդական կուսակցու- թիւններուն հանդէպ: Ճիշդ է, որ կայ նահանջ: Բայց կայ նաեւ իրենց կեանքի տարբեր հանգրուաններուն կուսակ- ցութեան ճամբով մեր ժողովուրդին ծառայած նուիրեալներու հզօր բանակ: Եւ այդ նուիրեալները այսօր իրենց կրած ջահը կը փոխանցեն նորերուն: Նոյն եռանդը չկայ Հայաստանի մէջ: Տարբեր հանգամանքներու բերումով հաւաքական կամքին հանդէպ հաւատքը յայտնուած է անկումային վիճակներու մէջ: Շատեր սկսած են մտածել զուտ անհատական ՄԵՐ ՃԱՄԲԱՆ, ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՃԱՄԲԱՆ... Ա ՏԱՐԻ ԹԻՒ 13 5 ՕԳՈՍՏՈՍ 2015թ

N12 new Layout 1 - sdhp.netsdhp.net/newsletters/yeridasarthayastan13.pdf · 1 غð ÊúêøÀ Յառաջիկայ օրերը Հայաստանակեդրոն Մայր կուսակցութեան

  • Upload
    others

  • View
    1

  • Download
    0

Embed Size (px)

Citation preview

Page 1: N12 new Layout 1 - sdhp.netsdhp.net/newsletters/yeridasarthayastan13.pdf · 1 غð ÊúêøÀ Յառաջիկայ օրերը Հայաստանակեդրոն Մայր կուսակցութեան

1

غð ÊúêøÀ

Յառաջիկայ օրերը Հայաստանակեդրոն Մայրկուսակցութեան համար իւրայատուկ օրեր պիտիըլլան: Հնչակեան Քսաններու 100-ամեակիննուիրուած տարբեր միջոցառումները, հաւաքներըհանդիպումները եւ տարբեր երկիրներու մէջ տեղիունեցած ձեռնարկները նոր երանգ պիտի ստանանՀայաստանի մէջ: Կը սպասուի նաեւ, որ տարբերշրջաններէ Հայաստան հասնին մեծ թիւովկուսակցական ընկերներ, տարբեր մարմիններուպատասխանատուներ եւ համակիրներ:

Ձեռնարկները բնականաբար նոր երանգ պիտիհաղորդեն մեր կուսակցութեան ոգեղէն էութեան,տրուած ըլլալով, նաեւ որ Սոցիալ ԴեմոկրատԿուսակցութեան համար Հայաստանակեդրոնգործունէութիւնը թեւակոխած է նոր փուլ:

Գաղտնիք չէ, որ վերջին տարիներուն Հայաս-տանի քաղաքական կեանքին մէջ գրանցուածդէպքերը, զարգացումները եւ տիրող ընդհանուրիրավիճակը, նահանջը կուսակցութիւններունհանդէպ նախկին եռանդն ու հաւատքը իջեցուցածեն մտահոգիչ աստիճաններու:

Հայրենի ժողովուրդը կորսնցուցած է իր երբեմնիհաւատքն ու յարգանքը եւ վստահութիւնըմիաժամանակ իշխանական կամ ընդդիմադիրկուսակցութիւններուն հանդէպ: Այս խնդիրը խորարմատներ ունի, որոնց քննութեան առարկայդարձնելը այլ առիթի կը թողունք:

Կարեւոր է սակայն մէկ հանգամանք, այն, որհակառակ, սփիւռքի մէջ տիրող ծանրպայմաններուն սփիւռքի հայութեան տարբերհատուածներ կը շարունակեն իրենց ունեցածհաւատքն ու երախտիքը արծարծ պահել մերժողովուրդի ազգային-աւանդական կուսակցու-թիւններուն հանդէպ:

Ճիշդ է, որ կայ նահանջ: Բայց կայ նաեւ իրենց

կեանքի տարբեր հանգրուաններուն կուսակ-ցութեան ճամբով մեր ժողովուրդին ծառայածնուիրեալներու հզօր բանակ: Եւ այդ նուիրեալներըայսօր իրենց կրած ջահը կը փոխանցեն նորերուն:

Նոյն եռանդը չկայ Հայաստանի մէջ: Տարբերհանգամանքներու բերումով հաւաքական կամքինհանդէպ հաւատքը յայտնուած է անկումայինվիճակներու մէջ:

Շատեր սկսած են մտածել զուտ անհատական

ՄԵՐ ՃԱՄԲԱՆ, ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՃԱՄԲԱՆ...

Ա ՏԱՐԻ ԹԻՒ 13 5 ՕԳՈՍՏՈՍ 2015թ

Page 2: N12 new Layout 1 - sdhp.netsdhp.net/newsletters/yeridasarthayastan13.pdf · 1 غð ÊúêøÀ Յառաջիկայ օրերը Հայաստանակեդրոն Մայր կուսակցութեան

2

ՍՈՑԻԱԼ ԴԵՄՈԿՐԱՏՀՆՉԱ ԿԵԱՆ

ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԼՐԱՏՈԻ

«Երիտասարդական Հաւաք»ին Առթիւ Հարցազրոյց՝ «Երիտասարդական Հաւաք»ին Առթիւ Հարցազրոյց՝ Ընկ. Վազգէն Գալթաքճեանին ՀետԸնկ. Վազգէն Գալթաքճեանին Հետ

-Ի՞նչ պայմաններու տակ որոշուեցաւ սոյնհաւաքի կայացումը եւ ի՞նչ են անոր հիմնականդրդապատճառները:

-Նախ ըսեմ, որ կուսակցութեան համարնորութիւն մը չէր նման հաւաքի մը կայացումը եւՀայաստանեան մեր մարմինը բազմիցսերիտասարդական նման հաւաքներ կատարած է:Բայց տրուած ըլլալով, որ այս՝ 2015 տարինիւրայատուկ տարի մըն է, որոշեցինք մեր ուժերըլարել եւ կազմակերպել աշխարհի երկիրներէ շուրջ200 երիտասարդներու համար նախատեսուած այսհաւաքը: Հաւաքը բնականաբար ունի տարբերերեսակներ, բայց եւ այնպէս մեզի համարհիմնական մէկ նպատակ գոյութիւն ունի, որն էկամրջել սփիւռքի մեր երիտասարդականհատուածները մայր հայրենիքին:

-Կրնա՞ք փակագիծները բանալով մանրամասնու-

թիւններ տալ հաւաքի ընդհանուր ծրագիրինմասին:

-Հաւաքը պիտի երկարի 2-էն 10 Օգոստոս: Սոյնհաւաքին ընթացքին գործադրութեան պիտի դրուինտարբեր ոլորտներու վերաբերեալ մարզական,դաստիարակչական եւ գաղափարական հանդի-պումներ ու դասախօսութիւններ: Ամենէնկարեւորը՝ մեր երիտասարդ ընկերները առիթպիտի ունենան հաղորդուելու հայրենի հողին ուջուրին հետ: Անոնցմէ շատերուն համար այցըառաջինը պիտի ըլլայ դէպի Հայաստան, բան մը, որիւրայատուկ դեր կրնայ ունենալ անոնցկազմաւորման մէջ: Անոնք պիտի տեսնեն ու զգան,

նեղ շահերու մտայնութեամբ: Տակաւին շատերՀայաստանի ու հայութեան խնդիրները կը քննենանձնական նեղ հաշիւներով եւտրամաբանութեամբ:

Այստեղ կը կարեւորուի Հայաստանակեդրոն մերկազմակերպութեան ունենալիք դերը այսօրուանքաղաքական դաշտին մէջ:

Ու այսօր է նաեւ, որ սփիւռքի հաւատքով զինուածմենք պիտի փորձենք նոր հարթութեան տանիլկուսակցական մօտեցման, գործելակերպի եւառաջնահերթութիւններու ընդհանուր պրիսմակը:

Չենք եկած ըսելու, որ հրաշքներ պիտի գործենք,տրուած ըլլալով, որ գաղափարական տագնապըսոսկ հայկական երեւոյթ մը չէ:

Չենք եկած ըսելու, որ պիտի յաջողինք հասնիլ

Հայաստանի ամէնէն հեռաւոր ու անտեսուածգիւղը, բայց վստահ ենք, որ մեր լուման պիտիներդնենք յանուն այս երկրին ու երազին:

Մեր ճամբան Հայաստանի ճամբան է: Մեր Ուխտը Քսաններու ուխտն է, այն

քսաններուն, որոնք հազարներ դառնալով պիտիպարզեն Հնչակեան կուսակցութեան մայր դրօշըհայրենի ափերուն վրայ:

Մեր ուխտը անշեղ է, որովհետեւ կը հաւատանք,որ կուսակցական գործունէութեան ամէնէնհիմնարար կէտը նուիրումի հաւատամքն է:

Մենք այդ հաւատամքին տէրն ենք: Մեր շարքը այդ հաւատամքին տէրն է:

Ու մեր ճամբան Հայաստանի ճամբանանխափան է ու ճշմարիտ:

«Մեզի Համար Կարեւորը Սփիւռքի Երիտասարդութեան Կառչումն Է ՄայրՀայաստան»ին,- Ըսաւ Ընկ. Վազգէն Գալթաքճեան՝ «Երիտասարդ Հայաստան»ինՏրուած Հարցազրոյցին Ընթացքին

2-էն 10 Օգստոս 2015-ին Հայաստանի Ծաղկաձորշրջանին մէջ տեղի պիտի ունենայ Ս.Դ.Հ.Կ.«Երիտասարդական Հաւաք»ը: Իր տեսակին մէջեզակի այս հաւաքին կայացման առընթերհարցազրոյց մը ունեցանք հաւաքիկազմակերպման գլխաւոր պատասխանատու-ներէն Ս.Դ.Հ.Կ. Կեդրոնական Վարչութեանանդամ՝ Ընկ. Վազգէն Գալթաքճեանին հետ:

Page 3: N12 new Layout 1 - sdhp.netsdhp.net/newsletters/yeridasarthayastan13.pdf · 1 غð ÊúêøÀ Յառաջիկայ օրերը Հայաստանակեդրոն Մայր կուսակցութեան

ՍՈՑԻԱԼ ԴԵՄՈԿՐԱՏ ՀՆՉԱ ԿԵԱՆ

ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԼՐԱՏՈԻ

3

որ Հայաստանը պատմութեան դասագիրքերու եւ մայրկուսակցութեան փայլուն էջերուն մէջ եղող երկիրը չէ միայն, այլիրականութիւն է ու ապրող փաստ: Ու հոս է մեր դրած գրաւը,որովհետեւ Հայաստանի հետ անհատական կապ ստեղծելը նորհնարաւորութիւններ պիտի ընծայէ մեր երիտասարդութեան: Միմոռնաք, որ սերունդներու կամրջումը միայն խօսքերով չըլլար:Մեր պատմութեան ամէնէն լուսաւոր էջերը կերտուած են առողջերիտասարդներու ջանասիրութեամբ ու այսօրուան երիտասար-դութիւնը կոչուած է ապրելու մեր նորացուած երազով՝ ՄայրՀայաստանով:

-Գաղտնիք չէ, որ տարբեր շրջաններու ինչպէս նաեւՀայաստանի մէջ առկայ է տնտեսական ծանր տագնապ: Ու այսառումով բնականաբար կուսակցութիւնը յանձն առաւ ծանրպատաս խատուութիւններ՝ յաջողցնելու համար այս եզակիհաւաքը: Ի՞նչ կարելի է ըսել այդ առումով:

-Շատ տեղին է ձեր հարցումը: Այո, բոլորս գիտենք, որտնտեսական ինչ դժուարին իրավիճակներու մէջ են մերգաղութներէն շատերը ու անոնց շարքին նաեւ մեր հայրենիքը: Իպատիւ մեր նուիրեալ շատ մը ընկերներուն՝ մենք կարողացանքայս բաւական դժուար ծրագիրը իրականութիւն դարձնել: Եսպիտի չուզէի այստեղ անուններ նշել, բայց քաջ կը գիտակցինք, որմեր շարքին մէջ կան մեզի նեցուկ կանգնելու պատրաստընկերներ, որոնք այս հաւաքին իրականութիւն դարձնելու համարմեծ զոհողութիւններ ըրին: Այստեղ նաեւ պատեհ պիտի համարեմշնորհակալութիւն յայտնել բոլոր անոնց, որ հաւատացին այսծրագրին եւ իրենց մասնակցութիւնը ապահովելովիրականութիւն դարձուցին այս իւրայատուկ հաւաքը:

-Վերջին հարցում. կը կարծէ՞ք, որ այս տարուան հաւաքը պիտիդառնայ ամէնամեայ հաւաք: Եւ այս առումով ի՞նչ հեռանկարներկան, տրուած ըլլալով, որ նման պայմաններու տակ հեշտ չէ մեծզոհողութիւններով իրականացուած հաւաքները հերթականդարձնել:

-Կը հասկնամ հարցումին ելակէտը, սակայն պիտի չուզէիհրապարակաւ խոստումներ կատարել: Շատ հաւանական է, որայս տիպի հաւաքները կրկնուին: Հաւանական է նաեւ, որերիտասարդական տարբեր խումբեր, տարբեր ձեւաչափերովՀայաստան գան ու մասնակցին տեղւոյն մեր մարմիններուիրականացուցած աշխատանքներուն: Դարձեալ պիտի շեշտեմ,որ մասնակցութեան կամ հաւաքներու ձեւաչափը այդքանկարեւոր չեն, ինչքան Հայաստան գալը ու տեղի ընկերներուն ուհայրենի ժողովուրդին հետ անմիջական կապ ստեղծելը: Ի վերջոյմենք կը հաւատանք այս երկրի ապագային ու այդ առումով պէտքէ բոլորանուէր ճիգեր գործադրենք տարի առ տարի աւելիովամրապնդելով կապը ա սփիւռքի տարբեր անկիւններուն ապրողմեր շարքին, երիտասարդութեան ու բովանդակ ՄայրՀայաստանին միջեւ: Աւարտին պիտի ուզէի անգամ մը եւսշեշտել, որ մեզի համար ամէնէն հիմնարարը հայ երիտասար-դութեան ու յատկապէս Հնչակեան երիտասարդութեանկամրջումն ու կապն է այս նուիրական երկրին հետ առանց, որունանիմաստ են մեր բոլոր ծրագիրները:

Տեսակցեցաւ՝ Ս. Ա.

Page 4: N12 new Layout 1 - sdhp.netsdhp.net/newsletters/yeridasarthayastan13.pdf · 1 غð ÊúêøÀ Յառաջիկայ օրերը Հայաստանակեդրոն Մայր կուսակցութեան

4

ՍՈՑԻԱԼ ԴԵՄՈԿՐԱՏՀՆՉԱ ԿԵԱՆ

ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԼՐԱՏՈԻ

ՍԴ Հնչակեան դրօշին տակ ամբողջ կեանք մը հայժողովուրդի ազատագրութեան դատին նուիրածհերոսներու շարքին կը պատկանի ՌուբէնԿարապետեան: Պատմութեան մեջ միայն իրծածկանունով ծանօթ՝ Ռուբէն Կարապետեան ծնածէ Չմշկածագ, 1874-ին: Անոր պատանեկութեան եւուսման տարիներուն մասին յիշատակումներչկան: Ռ. Կարապետեանի Հնչակեան Կուսակ-ցութեան անդամակցութեան մասին եւստուեալները հակասական են: Ամէնէնհաւանականը այն է, որ Ռ. Կարապետեաներիտասարդութեան սանդխամատին կը գաղթէԱմերիկա եւ հոն կը մտնէ Կուսակցութեանշարքերը: Որովհետեւ, Ռուբէն Խանազատ,ականատեսի վկայութեամբ կը գրէ թէ, երբ Զէյթունի

ապստամբութեան նախապատրաստութեանհամար Կեդրոնական Վարչութիւնը կոչ կ’ընէԱմերիկայէն Լոնտոն՝ Կեդրոնական Վարչութեաններկայացողներուն շարքին կը գտնուէր Ռ.Կարապետեան: Թէ ինչու՞ Ռ. Կարապետեան իրհետ եկող ընկերներուն նման Լոնտոնէն Կիպրոս չիմեկնիր եւ անկէ Կիլիկիա անցնելով Զէյթունիապստամբութեան գործողութիւններուն մէջ չ’երեւիր՝ յայտնի չէ: Ան որոշ շրջան մը կը մնայԿեդրոնական Վարչութեան տրամադրութեանտակ ու կը կատարէ անոր յանձնարարութիւնները:Այդ ընթացքին, Կեդրոնական Վարչութեան եւանոր շուրջ կը հասուննայ Ռ Կարապետեանիգաղափարա-քաղաքական կազմաւորումը: 1902-ին, Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ գործիչ կը

ՎԱՀԱՆ ՊՈՅԱՃԵԱՆՎԱՀԱՆ ՊՈՅԱՃԵԱՆ

(ՌՈՒԲԵՆ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ)(ՌՈՒԲԵՆ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ)

«Ես կուզէի ծանրանալ այն հանագամանքին վրայ,որ այս երիտասարդական հաւաքը կարեւոր առիթպիտի դառնայ աշխարհի բոլոր կողմերէնՀայաստան հասած երիտասարդներու համախմ-բումը ապահովելու համար»,- «ԵրիտասարդՀայաստան»ին ըսաւ Ընկ. Խաչիկ Քէշիշեան:Ընկերը, որ անդամ է հաւաքի կազմակերպման գլխաւոր յանձնախումբին, նաեւ դիտել տուաւ,որ«գաղտնիք չէ մեզի համար, որ կուսակցական շարքին երիտասարդացումը ամէնէն կարեւորմարտահրաւէրներէն մէկն է» վստահեցնելով նաեւ, որ «այս հաւաքը բոլոր իմաստներով իր դրականդերը պիտի ունենայ եւ մեր երիտասարդ ընկերները քով-քովի գալով, մտերմանալով, պիտիշարունակեն իրար հետ կազմակերպչական կեանքին նոր աշխուժութիւն հաղորդել:» ԸնկերՔէշիշեան նաեւ ըսաւ, որ այսօրուան պայմանները բոլորովին տարբեր են եւ երիտասարդութիւնըլաւ կը տիրապետէ արդիական բոլոր միջոցներուն եւ անոնք այդ հնարաւորութիւնները գործի մղելովպիտի կարողանան ստեղծուած մտերմութիւնը ծառայեցնել ի փառս մեր կուսակցութեան, ազգին ուհայրենիքին: Աւարտին ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ ընկերը եզրակացուց, որ մերժողովուրդի յոյսը անոր երիտասարդութիւնն է ու այդ հաւատքով է, որ Կեդրոնական Վարչութիւնըկարեւոր ճիգեր իրականացուց նման հաւաքի մը յաջողութեան համար:

Զրոյցը ՝ Ս. Ա.ի

Ընկ. Խաչիկ Քէշիշեան.Ընկ. Խաչիկ Քէշիշեան.«Մեր Ժողովուրդի Յոյսը Մեր Երիտասարդներն Են»«Մեր Ժողովուրդի Յոյսը Մեր Երիտասարդներն Են»

«Երիտասարդական Հաւաք»իԿազմակերպիչ Մարմնի

Պատասխանատուներէն Ընկ. ԽաչիկՔէշիշեան խօսեցաւ ՝

«Երիտասարդ Հայաստան»ին:

Page 5: N12 new Layout 1 - sdhp.netsdhp.net/newsletters/yeridasarthayastan13.pdf · 1 غð ÊúêøÀ Յառաջիկայ օրերը Հայաստանակեդրոն Մայր կուսակցութեան

ՍՈՑԻԱԼ ԴԵՄՈԿՐԱՏՀՆՉԱ ԿԵԱՆ

ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԼՐԱՏՈԻ

5

նշանակուի Պուլկարիա)Պուրկազ: Նոյն պաշտօնովկ’այցելէ նաեւ Ռումանիա, <<ուրիբր բարեխիղճ եւ ուղղամիտմարդ յարգուած էր բոլորէն>>:1903 Սեպտեմբերին, Փարիզիմէջ կը մասնակցի Հնչակեան Ե.Համագումարին, ուր կըպաշտպանէ Կուսակցութիւնըմէկ ու միասնական պահելուտեսակէտը: 1906-1907-ին, որ-պես Կենդրոնական Վարչու-թեան ներկայացուցիչ, կը գործէԱնդրկովկասի՝ մասնաւորա-բար Պաքուի մէջ: Այդտարիներուն, ան կը մասնակցիՊաքուէն դէպի այլ վայրերզէնքի տեղափոխման աշխա-տանքներուն: 1908-ին Կենդրոնական Վարչութեանկողմէ կը նշանակուի Եգիպտոսի շրջանի գործիչ:Նոյն տարին, <<պարտականութիւնը զինք կը կոչէաւելի դժուարին գործի մը, որով կը ստիպուիանակնկալ կերպով հեռանալ Եգիպտոսէն>>: Կըմեկնի Պուլկարիա եւ ընկ. Մուսայի հետ կը զբաղվիդէպի Կ. Պոլիս զէնքեր փոխադրելով: ՕսմանեանՍահմանադրութենէն ետք կու գայ Կ. Պոլիս: 1909Յուլիսին, Կ Պոլսոյ մէջ կը մասնացի ՍԴՀԿ Զ.Համագումարին, որպէս Պալախանիի (Պաքու)<<Ընկեր>> մասնաճիւղի պատգամաւոր: 1910-ինկուսակցական աշխատանքներով դարձեալ կըգտնուի Պուլկարիա: Յաջորդող տարիներուն,կազմակերպչական-քարոզչական գործունէութիւնկ’ունենայ Կ. Պոլսոյ եւ Նիկոմիդիոյ, Իզմիր,Օվաճըգ, Պարտիզակ, Ատապազար, Մեծ Գիւղ, եւայլն շրջաններուն մէջ: Կ’ընտրուի ազգայիներեսփոխան՝ Չմշկածագի շրջանէն: 1913-ին, ՍԴՀԿԿէօստէնչէի Է. Համագումարը կ’որոշէվերադառնալ գործունէութեան ոչ-օրինականձեւերուն: Համագու մարէն բխած որոշումներունգործադրութիւնը կը յանձնուի Փարամազին, Տոքթ.Պէննէին, Ս. Վահագնին եւ Ռ. Կարապետեանին: Ս.Վահագն եւ Ռ. Կարապետեան կը մեկնինԱնդրկովկասի տարբեր քաղաքները: Այս մասին Ս.Վահագն իր յուշերուն մէջ կը գրէ. <<Ես անցնում եմԿովկաս տերորիստ Ընկերներին բերելու: ...Սահակեանը (վատահամբաւ լրտես ԱրթիւրԵասեանը. – Ե. Ճ.) անցնում է Պոլիս ազատ իրգործը շարունակելու, ես ոչինչից լուր չունիմ,Սիմֆերոպօլում ստանում եմ մի նամակ, Պոլսիցգրում են, Վահագ դուք Պոլիս չէք գար, ձեր

նկարները բազմաթիւ ցրւում ենՊոլիս, Սահակեանը քեզ երեւիմատնած է, դուք կը մնաք եւհանգանակութեան գործը կըշարունակէք, նաեւ Սիւնիքիբանտարկութեան ազատումիպարագաները: Իսկ տղաներըկ’ուղարկէք Պուլկարիա: Ես եւՌուբէն Կարապետեանը շարու-նակում ենք հանգանակութեանդիմումները կատարել: Սիմֆե-րոպօլ, Եւպադորիա, միաժամա-նակ քննում Սիւնիքի գործը>>:Ռ. Կարապետեան նոյն աշխա-տանքները կը կատարէ նաեւԹէոտոսիայի մեջ: Ս. Վահագնկը շարունակէ. <<Մենք հանգա-նակութեան գծով անցնում ենք

Սոխումի: Սոխումի Ռ. Կարապետեանըուղարկում ենք Պոլիս, իբրեւ ամերիկեան հպա-տակ, որպէսզի մեզ տեղեկութիւններ տայ:Ստանում եմ Պոլսից մի ուրիշ նամակ ներփակԿարապետեանին: Նամակում գրում են անցիրՎան: Պաթում եմ գնում: Նորից մի նամակ, որայլեւս Վան գնալդ վտանգաւոր է, ամէն կողմիցհեռագրած են քեզ ձեռք անցկացնելու: Եսարհամարհելով շարունակում եմ>>: Շատհաւանաբար, Ս. Վահագնի ներփակ նամակի մէջ,Ռ. Կարապետեանին ալ նոյն բանը կը թելադրուէր:Բայց արդէն ուշ էր…: Կ. Պոլսոյ մէջ հնչակեանղեկավարութեան հետ կը ձերբակալուի Ռ.Կարապետեան: Դատարանին առջեւ, ուր անկ’ունենայ յաճախակի ելոյթներ, կ’ուրանայ ամէնբան: Յատկապես կը դրժէ իր ծանօթութիւնը,գործակցութիւնը կամ կապը Ս. Վահագնին հետ.միակը՝ որ Համագումարի որոշումներըգործադրութեան դնելու որոշուած չորս անձերէնըլլալով ձերբակալուած չէր ու կը մնարփախստական: Կը միանայ Քսաններու փաղագին:

Page 6: N12 new Layout 1 - sdhp.netsdhp.net/newsletters/yeridasarthayastan13.pdf · 1 غð ÊúêøÀ Յառաջիկայ օրերը Հայաստանակեդրոն Մայր կուսակցութեան

6

ՍՈՑԻԱԼ ԴԵՄՈԿՐԱՏՀՆՉԱ ԿԵԱՆ

ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԼՐԱՏՈԻ