13
è²Î زØàôÈ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ՝ ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ Ծննդեան 150-րդ Տարեդարձ Յեղափոխական Առաջնորդ Ընկեր Միհրան Տամատեանի (1864՝ Պոլիս – 1945՝ Գահիրէ) ԱՐԱ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ Շաբաթ, 19 Ապրիլ 2014 9րդ Տարի, Թիւ 70էջ 1 Դաւանելով ռամկավար եւ ազատական սկզբունքներ, կը հաւատանք բազմակարծութեան եւ ազատ խօսքի իրաւունքի: Հետեւաբար՝ հոս հրատարակուած գրութիւնները անպայման չեն արտայայտեր խմբագրութեանս տեսակէտը: Կամքէ անկախ սպրդած վրիպակներու պարագային, կ՛ապաւինինք յօդուածագիրներուն եւ մեր ընթերցողներուն ներողամտութեան: Վենետիկի մէջ, աշակերտելով Ալիշանի, առաջին անգամ անկէ կ'իմանայ հայկական հարցին մասին, եւ իր դասընկերներուն հեդ, կը սկսի հետաքրքրուիլ այդ խնդրով: 1880-ին, երբ Տամատեան շրջանաւարտ կ'ըլլայ վարժարանէն, կը վերադառնայ Պոլիս: Պերլինի Վեհաժողովին մէջ պատահած տխուր զարգացումներուն իրազեկ դառնալով, Միհրան Տամատեան ծնած է Պոլիս 1864-ին: Ան Սերոբէ Տամատեանի հինգերորդ զաւակն է: Նախնական ուսման համար կը յաճախէ տեղւոյն Ս. Յակոբ եւ Վիեննական Մխիթարեաններու վարժարանները, ապա՝ ծնողքը զինք կ'ուղարկեն Վենետիկի Մուրատ-Ռաֆայէլեան վարժարան: Պատանի Տամատեան կանուխէն ցոյց կու տայ իր կարողութիւնները, գրական յօդուածներ ստորագրելով վարժարանի «Բազմավէպ»-ին մէջ: Իր առաջին ոտանաւորները կը հրատարակուին 1878-ին:

Mihran damadian by ara aharonian armenian

Embed Size (px)

DESCRIPTION

RAG MAMOUL’s aim is to produce, broadcast and publish a digital communication journal that will be distributed throughout a vast network of 25,000+ qualified Armenian recipients, in Armenia and the Diaspora. Articles from well-known authors, issues affecting Armenia and Armenians, reports of events organized in Armenia and the Diaspora, press releases and general commentary/viewpoints will be the mainstay basis of this undertaking. By taking advantage of modern technology, we will be disseminating acceptable (Edited) information, in as many languages as possible, and will endeavour to publish at least one article per day at the minimum. This massive and growing digital reach, should be very attractive to concerned columnists, readers and advertisers as it will be prepared and presented in a visually simple, easy to read and attractive format.

Citation preview

Page 1: Mihran damadian by ara aharonian armenian

è²Î زØàôÈ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ՝ ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

Ծննդեան 150-րդ Տարեդարձ

Յեղափոխական Առաջնորդ

Ընկեր Միհրան Տամատեանի (1864՝ Պոլիս – 1945՝ Գահիրէ)

ԱՐԱ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ

Շաբաթ, 19 Ապրիլ 2014 9րդ Տարի, Թիւ 70/Հ էջ 1

Դաւանելով ռամկավար եւ ազատական սկզբունքներ, կը հաւատանք բազմակարծութեան եւ ազատ խօսքի իրաւունքի:

Հետեւաբար՝ հոս հրատարակուած գրութիւնները անպայման չեն արտայայտեր խմբագրութեանս տեսակէտը:

Կամքէ անկախ սպրդած վրիպակներու պարագային, կ՛ապաւինինք յօդուածագիրներուն եւ մեր ընթերցողներուն

ներողամտութեան:

Վենետիկի մէջ, աշակերտելով Ալիշանի, առաջին անգամ անկէ կ'իմանայ հայկական

հարցին մասին, եւ իր դասընկերներուն հեդ, կը սկսի հետաքրքրուիլ այդ խնդրով:

1880-ին, երբ Տամատեան շրջանաւարտ կ'ըլլայ վարժարանէն, կը վերադառնայ Պոլիս:

Պերլինի Վեհաժողովին մէջ պատահած տխուր զարգացումներուն իրազեկ դառնալով,

Հայկական խնդիրը

Միհրան Տամատեան ծնած է Պոլիս 1864-ին: Ան Սերոբէ

Տամատեանի հինգերորդ զաւակն է:

Նախնական ուսման համար կը յաճախէ տեղւոյն Ս. Յակոբ եւ

Վիեննական Մխիթարեաններու վարժարանները, ապա՝

ծնողքը զինք կ'ուղարկեն Վենետիկի Մուրատ-Ռաֆայէլեան

վարժարան: Պատանի Տամատեան կանուխէն ցոյց կու տայ իր

կարողութիւնները, գրական յօդուածներ ստորագրելով

վարժարանի «Բազմավէպ»-ին մէջ: Իր առաջին ոտանաւորները

կը հրատարակուին 1878-ին:

Page 2: Mihran damadian by ara aharonian armenian

Շաբաթ, 19 Ապրիլ 2014 9րդ Տարի, Թիւ 70/Հ էջ 2

ՌԱԿ ՄԱՏԵՆԱՇԱՐ

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան նորագոյն

նախաձեռնութիւնը՝ ի սպաս Հայ դպրութեան

Հայկական խնդիրը առաւել եւս կը խմորուի իր մէջ:

Պոլսոյ մէջ, Տամատեան մինչեւ 1883, կը վարէ

ուսուցչական պաշտօններ, միջանկեալ կարճ պահ մը

պաշտօնավարելով նաեւ Ատանա:

Հայոց Միացեալ Ընկերութիւնը, որուն հիմնադիրներն

էին Մկրտիչ Փորթուգալեան եւ Արփիար Արփիարեան,

արդէն շարք մը վարժարաններ բացած էր

Արեւմտահայաստանի զանազան գաւառներու մէջ:

Անոնց նպատակն էր ապահովել մտաւորական

զարգացումը հայ պատանիին, միաժսմանակ զայն

թրծելով ազատագրական ձգտումներով:

Միացեալի կարեւոր վարժարաններէն մէկն էր Մուշի

Ներսիսեան դպրոցը, որուն տեսչութեան կը կոչուի

Տամատեան 1884-ին: Հոն, Տամատեան առաջին առթիւ

կը ծանօթանայ վանեցի առաջին ուսուցիչ՝ Հայրապետ

Ճանիկեանի, որ աւելի ուշ պիտի դառնար Արմենական Կուսակցութան Մուշի մասնաճիւղի

հիմնադիրը:

Տամատեանի մէջ հետզհետէ զարգացող ազատագրական գաղափարարանութիւնը, Մուշի մէջ կը

ստանայ նոր բովանդակութիւն եւ իր մէջ փափաք կ'արթննայ Ճանիկեանի հետ այցելելու Վան,

ուր Միացեալի յառաջատար վարժարանը՝ Վանի Վարժապետանոցը, Փորթուգալեանի շունչին

տակ դարձած էր ազատագրական ոգիի հնոց մը Վասպուրականի համար:

Կարճ ատենէն, Տամատեան, որ Պոլիս բնակող իր եղբօրմէն մնայուն կերպով կը ստանար

տեղեկութիւններ թրքահայութիւնը յուզող կարեւոր անցուդարձերու շուրջ, Մուշի մէջ կը

տիրանայ փնտռուած մտւորականի համբաւի եւ շրջանին մէջ պատահած զանազան դէպքերու

մղումով կ'որդեգրէ յեղափոխական վարքագիծ: Այսպիսով , 1886-ին, Ճանիկեանի եւ տեղւոյն

առաջնորդարանի քարտուղար՝ Գեղամ Տէր Կարպետեանի հետ ան հիմը կը դնէ գաղտնի

կազմակերպութեան մը:

Մշոյ այս կազմակերպութիւնը ունէր գաղտնապահութեան ուխտագիր մը: Անոր անդամները՝

բացի զիրենք անդամագրողներէն, անծանօթ պիտի ըլլային իրարու: Տեղացիներուն մօտ

ստեղծուած էր մեծ խանդավառութիւն կազմակերպութեան հանդէպ եւ մեծ էր թիւը անոր

անդամագրուիլ փափաքողներուն: Նախաձեռնողները՝ շուարած այս ընդունելութենէն եւ

Ընկեր Միհրան Տամատեան

Page 3: Mihran damadian by ara aharonian armenian

Շաբաթ, 19 Ապրիլ 2014 9րդ Տարի, Թիւ 70/Հ էջ 3

վախնալով որ դժուար պիտի ըլլայ գաղտնի պահել ծաւալուն

կազմակերպութիւն մը, պահ մը կ'առկախեն նոր

անդամներու ընդունումը՝ ներքնապէս կազմակերպուելու

համար:

Տամատեանի բարձրացող համբաւին նախանձողներ, կը

դիմեն մատնութեան: 888-ին, Տամատեան կը հարկադրուի

ձգել Ներսիսեան Վարժարանը եւ վերադառնալ Պոլիս՝

ուսուցչութիւն ընելու Օրթագիւղի կաթողիկէ վարժարանին

մէջ:

Իր ընտանիքին միանալէ ետք, Տամատեան կը նկատէ, թէ

անցնող քանի մը տարիներուն շատ բան փոխուած էր Պոլսոյ

հայութեան մէջ եւ Հայկական խնդրին լուծումը հեռացած կը

թուէր իրականութիւն դառնալէ:

Վանի եւ Տարօնի միջադէպերը վատ արձագանգ սկսած էին

գտնել պոլսահայութեան մօտ: Տամատեանի կը թուէր, թէ

պատճառը Պատրիարքարանն ու Ազգային Վարչութիւնն էին:

Արփիար Արփիարեան

Ինք համոզուած էր, թէ Պոլսէն պէտք էր սկսէր յեշափոխական մեծ շարժումը եւ ճառագայթէր դէպի

հայկական գաւառները:

Այդ շրջանին է, որ Տամատեան կը ծանօթանայ Համբարձում Պօյաճեանի (Մեծն Մուրատ), եւ

միասին կը կազմեն գաղափարակիցներու խումբ մը, որուն կը միանան Արեւմտահայաստանէն

Պոլիս հաստատուած յեղափոխական երիտասարդներ, որոնց միջոցով կարելի պիտի ըլլար կապ

հաստատել խաւարի մէջ տուայտող գաւառային շրջաններուն հետ:

1889-ին, Տամատեան եւ իր գործակիցները կ'որոշեն յարիլ նորակազմ Հնչակեան Կուսակցութեան

մասնաճիւղին, առաւելաբար Մուրատի պնդումներուն տեղի տալով:

1890-ին, տեղի կ'ունենայ Գում Գափուի ցոյցը, որուն հետեւանքով կը ձերբակալուին արմենական

եւ հնչակեան մեծ թիւով երիտասարդներ: Տամատեան կը յաջողի ապաստանիլ Աթէնք, եւ հոն,

յոյներու հետ կը շարունակէ իր յեղափոխական գործունէութիւնը:

Տարի մը չանցած, Մելքոն Խուրշիտ կեղծ անունով, ճամբայ կ'ելլէ դէպի Արեւմտահայաստան: Նախ

կ'անցնի Կիլիկիոյ քաղաքներէն, ուր կը ծանօթանայ տեղական կացութեան, եւ ապա կը հասնի

Սասուն, ուր կը ծանօթանայ տեղական կացութեան, եւ ուր ապստանբութեան պարարտ հող կը

գտնէ, մանաւանդ որ հոն հաւաքուած էին կարեւոր թիւով յեղափոխականներ:

Page 4: Mihran damadian by ara aharonian armenian

Շաբաթ, 19 Ապրիլ 2014 9րդ Տարի, Թիւ 70/Հ էջ 4

Համբարձում Պօյաճեան

Կարճ ժամանակ ետք, սակայն, մատնութեան հետեւանքով, Տամատեան կը ձերբակալուի

թրքական կառավարութեան կողմէ 1893 թուականին:

Որպէս վտանգաւոր յեափոխական կը տարուի Պոլիս: Փոխաղրութեան ընթացքին, կը

վիրաւորուի իր աջ սրունքը: Տարի մը Պոլիս բանտի մէջ անցընելէ ետք, կը յաջողի փախուստ տալ

եւ 1895-ին կը կազմակերպէ Պապը Ալիի (Բարձր Դուռ) ցոյցը: Սակայն ցոյցէն օր մը առաջ, իր

գործակիցներուն որոշումով, կ'ուղարկուի Պուլկարիա եւ Ռումանիա՝ հոն կուսակցական

աշխատանք ծաւալելու: Այս անգամ ռումանական կառավարութիւնն է որ զինք կը ձերբակալէ եւ

ճամբայ կը հանէ դէպի Պոլիս: Շնորհիւ իր ճարպիկութեան, կը յաջողի անգամ մը եւս խոյս տայ եւ

ապաստանիլ Աթէնք, վերջնականապէս հեռանալով իր ծննդավայրէն:

1896-ին, Տամատեան կը մեկնի Լոնտոն, որպէս խորհրդական անդամ Հնչակեան Կեդրոնին, եւ

աշխատակից՝ «Հնչակ» թերթին: Մինչ այդ, արդէն ծայր տուած էր պառակտումը կուսակցութեան

ղեկավարներու միջեւ, Նազարբէկեաններու ընթացքին եւ սոցիալիզմի պատճառով:

Տամատեան գերադասելով հեռու մնալ սոցիալիզմի

գաղափարէն, կը միանայ Արփիարեանի եւ Միհրան

Սվազլեանի, անոնց հետ եւ քանի մը այլ

համախոհներով կը կազմէ Վերակազմեալ Հնչակեան

կուսակցութիւնը Լոնտոնի մէջ, դառնալով անդամ անոր

կեդրոնին:

1898-ին Տամատեանը կը գտնենք Աղեքսանդրիա, ուր կը

ջանայ զարկ տալ վերակազմեալներու տարածումին:

1900-ին ամուսնանալով, կ'որոշէ հաստատուիլ

Եգիպտոս եւ մաքսատան մէջ կը սկսի գործել որպէս

հաշուակալ:

Վերակազմեալներու միջեւ ծայր առած

անհամաձայնութիւններ պատճառ կը դառնան որ

շրջան մը հեռանայ կուսակցական գործունէութենէ՝

ազգային ծառայութեան իր բաժինը բերելով

յօդուածագրութեան:

1904-ին, Տամատեան կը ստանձնէ քարիւղի

Մանթաշէֆի ընկերութեան Աղեքսանդրիոյ

Page 5: Mihran damadian by ara aharonian armenian

համարակալի պաշտօնը, զոր պիտի վարէր

մինչեւ 1917 թուական: 1908-ին, թրքական կեղծ

Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք, խումբ մը

գաղափարակիցներու հետ Հոկտեմբեր 31-ին,

Տամատեան կը հիմնէ Հայ Սահմանադրական

Ռամկավար Կուսակցութիւնը, որուն մէջ ի մի

եկած էին Արմենական Կուսակցութեան եւ

Վերակազմեալ Հնչակեան Կուսակցութեան

չափաւորական թեւի անդամներ:

Արմատական Վերակազմեալները պիտի

Շաբաթ, 19 Ապրիլ 2014 9րդ Տարի, Թիւ 70/Հ էջ 5

որդեգրէին Ազատական անունը: Սահմանադրականներու հիմնադիրնեէրուն մէջ էին նաեւ Վահան

Թէքէեանը, Վահան Մալէզեանը եւ ուրիշ ականաւոր մտաւորականներ: Տիրապետելով եօթը

լեզուներու՝ Տամատեան պաշտօնի բերմամբ յաճախ կը ճամբորդէր Միջին Արեւելքի քաղաքները, ի

շարս որոնց Հալէպ եւ Պէյրութ: Կարելի չափով ան միշտ բաժին կը հանէր իր ժամանակէն ազգային

հարցերու: Ան նաեւ կ'այցելէ Կիլիկիոյ զանազան շրջանները հիմը դնելով ռամկավար

ակումբներու: 1915-ին, Տամատեան կը դառնայ հիմնադիրներէն մին ռամկավար «Արեւ»

պաշտօնաթերթին, որ լոյս կը տեսնէ մինչեւ օրս: 1916-ին Եգիպտոսի մէջ հիմը կը դրուի Հայ

Ազգային Միութեան՝ Տամատեանի մասնակցութեամբ: Միութեան նպատակն էր կազմակերպել

հայկական կամաւորական շարժում մը: Այս առնչութեամբ ան կը մեկնի Փարիզ, կը տեսակցի

Ազգային Պատուիրակութեան նախագահ՝ Պօղոս Նուպարի հետ: Ապա, Հնչակեան Սապահ

Գիւլեանի ու դաշնակցական Հանըմեանի հետ կ'ուղղուին Միացեալ Նահանգներ, ուր կը կազմէ Հայ

Ազգային Միութիւն մը, միշտ կամաւորական շարժումին նպաստելու նպատակով:

1917-ին, Տամատեան կ'ուղարկուի Իտալիա, իբրեւ Ազգային Պատուիրակութեան ներկայացուցիչ՝

իտալական կառավարութեան մօտ: 1918-ին, երբ գոյութեան կը կոչուի Ամբողջական Հայաստանի

պատուիրակութիւնը, Տամատեան կը նշանակուի Կիլիկիոյ լիազօր ներկաեացուցիչ, իբրեւ այդ

շրանին քաջածանօթ անձ: Այդ պաշտօնով, ան կ'անցնի Կիլիկիա, առաքելութիւն ունենալով

կազմակերպելու ընդհանուր ապստամբութիւն մը, որուն պիտի օժանդակէին նաեւ Դաշնակից

պետութիւնները: Տամատեան կը յաջողի քով քովի բերել հայերը, յոյները, ասորիներն ու արաբները

եւ 1920-ի Օգոստոս 4-ին, շնորհիւ իր ջանքերուն, Կիլիկիան հը հռչակուի անկախ, Տամատեանի

վարչապետութեամբ: Բայց այդ երազն ու խանդավառութիւնը, նոյնիսկ օրուան մը կեանք չեն

ունենար, որովհետեւ Ֆրանսական կառավարութեան խարդաւանքները կասեցուցած էին

Զօրափար Անդրանիկի եւ Արմենակ Եկարեանի Կիլիկիա մուտքը եւ անդամալուծած՝ հայ

կամաւորներ:

Տամատեան տարի մը կը մնայ արգելափակուած եւ 1921-ին կը վերադառնայ Եգիպտոս: Նոյն

տարուան Հոկտեմբեր 1-ին, Պոլսոյ մէջ կը գումարուի Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան

հիմնադիր ժողովը: Տամատեան կ'ընտրուի կուսակցութեան կեդրոնի անդամ եւ ապա՝ նախագահ:

Page 6: Mihran damadian by ara aharonian armenian

www.facebook.com/RAGmamoul

Շաբաթ, 19 Ապրիլ 2014 9րդ Տարի, Թիւ 70/Հ էջ 6

1922-ին, Մանթաշէֆի ընկերութիւնը զինք կ'ուղարկէ Պէյրութ վարելու ընկերութեան տնօրէնի

պաշտօնը: Հոն կը մնայ շուրջ տասնամեակ մը: Իր Լիրանան կեցութեան շրջանին, Պէյրութի մէջ կը

հաստատէ ծխախոտի արտարութեան գործարան մը եւ դառնայ ազգային կեանքին մղում տուող

ուժ մը: Հոն է որ մասնակից կը դառնայ ՀԲԸՄ-ի Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան եւ կը

յղանայ առաջին ռամկավար ազատական օրաթերթին հիմնադրման ծրագիրը, որ աւելի ուշ, 1937-

ին պիտի իրականանար «Զարթօնք» օրաթերթին լոյս աշխարհ գալով:1936-ին, Տամատեանի

առողջական վիճակը կը ծանրանայ եւ վիրահատութեան մը պատճառով, կը կորսնցնէ 43 տարիներ

առաջ վիրաւորուած աջ սրունքը: Տամատեան կը վերադառնայ Գահիրէ, ուր կ'անցընէ կեանքի իր

վերջին տարիները: Անոր ազգային վերջին իրագործումը կ'ըլլայ, մասնակցութիւնը՝ Հայ Ազգային

Հիմնադրամի ստեղծումին: 1945-ին, Գահիրէի մէջ, իր մահկանացուն կը կնքէ այս անզուգական

ղեկավարը, որ մեր ազգային ազատագրական շարժումին նուիրած՝ մտաւորական եւ

յեղափոխական գործիչնեարու ամենափայլուն ներկայացուցիչներէն մէկն է:

Լոս Անճելըս, Միացեալ Նահանգներ

Հ. Բ. Ը. Միութեան Պէյրութի Գործադիր Վարչութիւնը (1931) ,

ձախէն աջ (նստած) ՝ Տոքթ. Յակոբ Թոփճեան, Միհրան Տամատեան,

Վեր. Ենովք Կէօքկէօզեան, Տոքթ. Պաղտասար Մելքոնեան, (ոտքի)՝

Կարապետ Քացախեան, Հմայեակ Գրանեան, Պողոս Թուր սարգիսեան

Page 7: Mihran damadian by ara aharonian armenian

We are glad to inform you that RAG MAMOUL will have a “Letter to the Editor” section, where on every Monday we will publish your letters and opinions. Your letter should preferably refer to an article that has appeared within the last seven days, and must include the writer's full name, address and phone numbers. Letters may be edited and shortened for space.

Send a Letter to the Editor to: [email protected]

Սիրելի ընթերցող,

ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼԻ խմբագրութիւնը հաճոյքը ունի ձեզ

տեղեկացնելու, թէ այսուհետեւ ամէն Երկուշաբթի օրուայ թիւով

մենք պիտի հրատարակենք խմբագրութեանս ուղղուած ձեր

նամակները:

Ձեր նամակը կամ կարծիքը նախնըտրաբար պէտք է վերաբերի

վերջին 7 օրերուն ընթացքին մեր հրատարակած մէկ յօդուածին:

Պէտք է նկատի ունենալ նաեւ, թէ ձեր նամակը ենթակայ պիտի

ըլլայ որոշ խմբագրումի:

Երեքշաբթի, 8 Ապրիլ 2014 9րդ Տարի, Թիւ 62 էջ 5

Page 8: Mihran damadian by ara aharonian armenian

Advertise in

è²Î زØàôÈ

Make it reach to our 25000+

worldwide subscribers everyday

Promotional Price List

Duration Size Price

Yearly Contract

Full Page US 999$

Half Page US 599$

Bottom Banner US 399$

Monthly Contract Full Page US 199$

Half Page US 149$

Bottom Banner US 59$

Weekly Contract Full Page US 159$

Half Page US 59$

Bottom Banner US 29$

Daily Contract Full Page US 59$

Half Page US 29$

Bottom Banner US 9$

(Offer valid till 31/05/14)

All non-profit/charity events’ ads are published for free

Contact:

[email protected]

RAG MAMOUL is published and spread Monday to Friday all year round

Page 9: Mihran damadian by ara aharonian armenian
Page 10: Mihran damadian by ara aharonian armenian
Page 11: Mihran damadian by ara aharonian armenian
Page 12: Mihran damadian by ara aharonian armenian
Page 13: Mihran damadian by ara aharonian armenian

HEADLINESUB-HEAD

MONTH, YEAR VOL # ISSUE #

ՄԵՐ ՆՊԱՏԱԿԸ

è²Î زØàôÈ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ՝

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

Պատասխանատու Խմբագիր՝

ԱՍԱՏՈՒՐ ՏԷՎԼԵԹԵԱՆ

Խմբագրական Կազմ՝

ԴՈԿՏ. ՄԻՆԱՍ ԳՈՃԱՅԵԱՆ (Լոս Անճելըս, ԱՄՆ)

ԿԱՍԻԱ ՃՂԱԼԵԱՆ (Գահիրէ, Եգիպտոս)

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ (Պէյրութ, Լիբանան)

ՀԱՅԿ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ (Մոնթրէալ, Գանատա)

ՅԱԿՈԲ ՉԱՄՔԷՐԹԷՆԵԱՆ (Սիտնի, Աւստրալիա)

ԱԼԻՆ ՊԱԼԵԱՆ (Տուպայ, ԱՄԷ)

ԿԱՐԱՊԵՏ ՍԱՅԱՊԱԼԵԱՆ (Մարսէյլ, Ֆրանսա)

ՏԻԱՆԱ ՏԷՐ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ (Պուէնոս Այրէս, Արժանթին)

Վարչական Պատասխանատու՝

ԱՆԱՀԻՏ ՉԷՕՐԷՔՃԵԱՆ

Հեռ. +374 77 00 22 11 Հեռատիպ +1 647 435 0800

ե-նամակ՝ [email protected]

ՄԵՐ ՆՊԱՏԱԿԸ

ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼԻ նպատակն է ազգային մեր յոյզերն ու մտահոգութիւնները տարածել

աշխարհի չորս ծագերը՝ հրապարակելով Հայրենի թէ Սփիւռքահայ մտաւորականներու

յօդուածները, հայրենիքի եւ զանազան գաղութներու վերաբերող թղթակցութիւններ, ինչպէս նաեւ

ՌԱԿ-ի հետ առնչուող հաղորդագրութիւններ, աւելի քան 25000 ե-նամակի հասցէատէրերու,

բոլորն ալ՝ Հայ ժողովուրդի զաւակներ:

Օրէ օր աճող մեր հասցէացանկը առիթը կուտայ յօդուածագիրներու, իրենց մտքի պտուղը

հանդիսացող ու կարեւոր հարցեր լուսարձակի տակ առնող գրութիւններ, մեր միջոցով, յանձնելու

հազարաւոր Հայորդիներու ուշադրութեան:

Օգտուելով ժամանակակից հնարաւորութիւններու շնորհած այլեւայլ միջոցներէն եւ

հաւատարիմ մեր առաքելութեան, օրական մէկ նիւթի դրութեամբ, ամէնէն արագ, ոչ-դասական եւ

բոլորին հասանելի կերպով, մեզի ուղարկուած յօդուածներն ու թղթակցութիւնները, մեր

գրասենեակներուն մէջ սիրով խմբագրելէ ետք, պիտի հասցնենք բոլոր անոնց, որոնք ծարաւ են

ազգային առումով կենսական հարցերու հրապարակային քննարկման եւ, առ հասարակ՝

Հայկականութեան:

ENJOY YOUR WORDBOOK presents over 1000 words in a

variety of lively and realistic settings. It gives to young

learners a sound and enjoyable introduction to the

presented Armenian/Arabic/English languages.

Order through email:

[email protected]