19
è²Î زØàôÈ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ՝ ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ Մահուան 33-րդ Տարելից Մեծ Երազի Առաջնորդ՝ Ընկեր Գերսամ Ահարոնեանի ԱՐԱ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ Ուրբաթ, 17 Յունուար 2014 9րդ Տարի, Թիւ 5 էջ 1 Դաւանելով ռամկավար եւ ազատական սկզբունքներ, կը հաւատանք բազմակարծութեան եւ ազատ խօսքի իրաւունքի: Հետեւաբար՝ հոս հրատարակուած գրութիւնները անպայման չեն արտայայտեր խմբագրութեանս տեսակէտը: Կամքէ անկախ սպրդած վրիպակներու պարագային, կ՛ապաւինինք յօդուածագիրներուն եւ մեր ընթերցողներուն ներողամտութեան: Երախտաւոր Գերսամ Ահարոնեան կը պատկանի սփիւռքահայ այն սերունդին, որուն ուսին դրուեցաւ սփիւռքահայութեան գոյութեան անհրաժեշտութիւնը: Ան եղաւ եզակի այն առաջնորդը, որ եզակի արթնութեամբ մը արժեւորեց ու նոր կերպարանք տուաւ մեր ազգային հարցին: Որպէս երկարամեայ դաստիարակ, ան գիտցաւ ճշմարիտ հայրենասիրութեամբ ոգեւորել իրերայաջորդ սփիւռքահայ սերունդները ու անոնց սորվեցուց ծառայել հայ ժողովուրդի արդար դատին, իր դաւանած գաղափարախօսութեան միջոցաւ ու աւելին՝ այդ սերունդները քաջալերեց Մեծ Երազի Ճամբէն քալելու: Գերսամ Ահարոնեան ծնած էր 1916 Նոյեմբեր 16-ին, զէյթունցի ծնողներէ, Կիլիկիոյ Մարաշ քաղաքը: Ֆրանսացիներու Կիլիկիոյ պարպումին հետեւանքով, հայրը իր ընտանիքը կը տեղափոխէ Ատանա, սակայն հոն ալ անապահով զգալով, հայ կամաւորներու միջոցաւ երկու տարուան համար կ’ապաստանի Ալեքսանտրէթ, ուր հայկական գաղութ մը սկսած էր կազմաւորուիլ: 1922-ին ամբողջ ընտանեկան պարագաներով կը հաստատուի Հալէպ: Աւետարանական զէյթունցի ընտանիքի վեց տարեկան մանչ զաւակը՝ Գերսամ, իր դպրոցական առաջին կրթութիւնը կը ստանայ Բեթէլ վարժարանին մէջ: Ապա 1929-ին երկրորդական ուսման համար կը յաճախէ Ալեփփօ Գոլէճ ու անոր ուսումնական շրջանը յաջողութեամբ կ’աւարտէ 1935 թուականին: Տեսարան Սայեաթ Նովա

Friday 17 01 14, volume # 9, issue # 5

Embed Size (px)

DESCRIPTION

RAG MAMOUL’s aim is to produce, broadcast and publish a digital communication journal that will be distributed throughout a vast network of 25,000+ qualified Armenian recipients, in Armenia and the Diaspora. Articles from well-known authors, issues affecting Armenia and Armenians, reports of events organized in Armenia and the Diaspora, press releases and general commentary/viewpoints will be the mainstay basis of this undertaking. By taking advantage of modern technology, we will be disseminating acceptable (Edited) information, in as many languages as possible, and will endeavour to publish at least one article per day at the minimum. This massive and growing digital reach, should be very attractive to concerned columnists, readers and advertisers as it will be prepared and presented in a visually simple, easy to read and attractive format.

Citation preview

Page 1: Friday 17 01 14, volume # 9, issue # 5

è²Î زØàôÈ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ՝ ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

Մահուան 33-րդ Տարելից Մեծ Երազի Առաջնորդ՝

Ընկեր Գերսամ Ահարոնեանի

ԱՐԱ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ

Ուրբաթ, 17 Յունուար 2014 9րդ Տարի, Թիւ 5 էջ 1

Դաւանելով ռամկավար եւ ազատական սկզբունքներ, կը հաւատանք բազմակարծութեան եւ ազատ խօսքի իրաւունքի:

Հետեւաբար՝ հոս հրատարակուած գրութիւնները անպայման չեն արտայայտեր խմբագրութեանս տեսակէտը:

Կամքէ անկախ սպրդած վրիպակներու պարագային, կ՛ապաւինինք յօդուածագիրներուն եւ մեր ընթերցողներուն

ներողամտութեան:

Երախտաւոր Գերսամ Ահարոնեան կը պատկանի սփիւռքահայ այն

սերունդին, որուն ուսին դրուեցաւ սփիւռքահայութեան գոյութեան

անհրաժեշտութիւնը: Ան եղաւ եզակի այն առաջնորդը, որ եզակի

արթնութեամբ մը արժեւորեց ու նոր կերպարանք տուաւ մեր

ազգային հարցին:

Որպէս երկարամեայ դաստիարակ, ան գիտցաւ ճշմարիտ

հայրենասիրութեամբ ոգեւորել իրերայաջորդ սփիւռքահայ

սերունդները ու անոնց սորվեցուց ծառայել հայ ժողովուրդի արդար

դատին, իր դաւանած գաղափարախօսութեան միջոցաւ ու աւելին՝

այդ սերունդները քաջալերեց Մեծ Երազի Ճամբէն քալելու:

Գերսամ Ահարոնեան ծնած էր 1916 Նոյեմբեր 16-ին, զէյթունցի

ծնողներէ, Կիլիկիոյ Մարաշ քաղաքը: Ֆրանսացիներու

Կիլիկիոյ պարպումին հետեւանքով, հայրը իր ընտանիքը կը

տեղափոխէ Ատանա, սակայն հոն ալ անապահով զգալով, հայ

կամաւորներու միջոցաւ երկու տարուան համար

կ’ապաստանի Ալեքսանտրէթ, ուր հայկական գաղութ մը

սկսած էր կազմաւորուիլ: 1922-ին ամբողջ ընտանեկան

պարագաներով կը հաստատուի Հալէպ:

Աւետարանական զէյթունցի ընտանիքի վեց տարեկան մանչ

զաւակը՝ Գերսամ, իր դպրոցական առաջին կրթութիւնը կը

ստանայ Բեթէլ վարժարանին մէջ:

Ապա 1929-ին երկրորդական ուսման համար կը յաճախէ

Ալեփփօ Գոլէճ ու անոր ուսումնական շրջանը յաջողութեամբ

կ’աւարտէ 1935 թուականին:

Նոյն տարին ան կը մեկնի Կիպրոս, յաճախելու Մելգոնեան

Կրթական Հաստատութեան վարժապետանոցը:

Տեսարան Սայեաթ Նովա

պողոտայից

Page 2: Friday 17 01 14, volume # 9, issue # 5

Ուրբաթ, 17 Յունուար 2014 9րդ Տարի, Թիւ 5 էջ 2

ՌԱԿ ՄԱՏԵՆԱՇԱՐ

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան նորագոյն

նախաձեռնութիւնը՝ ի սպաս Հայ դպրութեան

կ’աւարտէ 1935 թուականին:

Նոյն տարին ան կը մեկնի Կիպրոս, յաճախելու Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան

վարժապետանոցը:

Վարժապետանոցի երկամեայ շրջանին ան արդէն կը դառնայ աչքառու իր

համարձակութեան ու ինքնիշխանութեան շնորհիւ, որոնց նաեւ կարելի է աւելցնել իր

ուսումնական պատրաստութիւնը:

Բարձրահասակ իր կազմով Մելգոնեան Հաստատութենէն ներս ան կը դառնայ աչքառու

մարզիկ մը՝ հաստատութեան պասքեթպոլի եւ վոլիպոլի խումբերուն համար, որպէս

մարզիչ ունենալով Լեւոն Այվազեանը, իսկ որպէս խաղընկեր կ’ունենայ Ասատուր

Պետեանը, Հայկաշէն Ուզունեանը, Հրանդ Նագգաշեանը եւ Գրիգոր Կամինեանը, որոնք

բոլորն ալ հետագային պիտի դառնային Գերսամ Ահարոնեանի գաղափարակից ու ծանօթ

հասարակական գործիչներ կամ դաստիարակներ՝ Միջին Արեւելքի հայկական

գաղութներուն մէջ:

Մելգոնեան Հաստատութենէն ներս, որպէս ուսուցիչ կ’ունենայ բանաստեղծներու իշխան

Վահան Թէքէեանը, իսկ հաստատութեան այդ շրջանին տնօրէնի պաշտօնը կը վարէր

Դոկտ. Յակոբ Թօփճեանը, որու գաղափարական ուղղութիւնը բաւարար էր երիտասարդ

Գերսամին մօտ հասարակական հետաքրքրութեանց պատրաստութեան:

Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան աղջիկներու պասքեթպոլի խումբը 1938-ին՝ առաջին շարք նստած՝

աջէն ձախ-Գերսամ Ահարոնեան, Դոկտ. Յակոբ Թօփճեան եւ մարզիչ Յակոբ Աճեմեան

Page 3: Friday 17 01 14, volume # 9, issue # 5

Ուրբաթ, 17 Յունուար 2014 9րդ Տարի, Թիւ 5 էջ 3

1937-ին վարժապետանոցը աւարտելէ ետք ան կ’որոշէ մնալ Կիպրոս ու դասաւանդել

Մելգոնեանէն ներս:

Կիպրոսի մէջ կ’անդամագրուի Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան

տեղւոյն մասնաճիւղին ու գործօն մասնակցութիւն կը բերէ մասնաճիւղի կեանքէն ներս,

դառնալով անոր ատենադպիրը:

Հինգ յաջորդական տարիներու (1937-42), ուսուցչական ասպարէզը Մելգոնեանէն ներս,

հաստատուն հիմը պիտի դնէր Գերսամ Ահարոնեանի ունենալիք անփոխարինելի

վաստակին մէջ, որովհետեւ հոն, իր ինքնազարգացումը շարունակելէ բացի, դարձած էր

իր գործակիցներուն եւ աշակերտներուն համար գաղափարախօսութեան ներշնչողը իր

կուտակած գիտելիքներով:

1942-ին կը միանայ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան շարքերուն ու ապա

կ’անցնի Պէյրութ, ուր արդէն տեղափոխուած էին Հալէպէն իր ընտանիքին միւս

անդամները:

Լիբանան հաստատուած գաղթականներով, Պէյրութի հայկական գաղութը տնտեսական

որոշ ինքնաբաւութեան հասած էր ու գաղութահայ կեանքն ալ սկսած էր իր մշակութային,

կրթական ու ընկերային եռուզեռը կազմակերպել:

Գերսամ Ահարոնեանի խառնուածքը զինք հեռու չի պահեր Պէյրութի գաղթօճախի

առօրեայէն: Ու անոր մօտ կու գան Հալէպէն կամ Կիպրոսէն իր երբեմնի դասընկերները,

որոնցմէ շատեր արդէն ընտրած էին իր գաղափարական պատկանելիութեան ուղին:

Պէյրութի մէջ ան կը դառնայ մամլոյ կցորդ British Mission-ին մէջ եւ վերլուծումներով

հանդէս կու գայ Արեւմտեան մամուլին համար՝ քաղաքական ու իր նախասիրած

պատմական հետազօտութիւններով:

Հաստատութեան մէջ իր ծառայութեան շրջանին, ան կը կուտակէ միջազգային

պատմական ու քաղաքական գիտելիքներու ընդարձակ պաշար մը, եւ նոյն ժամանակ կը

դառնայ փնտռուած հասարակական գործիչ մը Պէյրութի կուսակցական կեանքէն ներս,

անմասն չմնալով միութենական ու բարեսիրական գործունէութիւններէ:

Իր ուսուցիչին ու «Զարթօնք» օրաթերթի առաջին խմբագրին՝ Վահան Թէքէեանի մահուընէ

ետք (1945), Գերսամ Ահարոնեան ու կարգ մը Ռամկավար Ազատական ընկերներ

Լիբանանի շրջանակէն ներս, որոնք պատասխանատու դիրքերու վրայ կը գտնուէին 40-

ական թուականներուն, կ’որոշեն բանաստեղծներու իշխանին անունը յաւերժացնել,

Լիբանանի մէջ հիմը դնելով Մշակութային Միութեան մը ու կոչել զայն՝ Թէքէեան

Մշակութային Միութիւն: Կազմաւորման ու օրինականացման աշխատանքը աւարտելէ

ետք, ծրագիրը կ’իրականանայ 1947-ին: Միութեան հիմնադիր կազմը կը բաղկանար եօթը

ընկերներէ՝ Փրոֆ. Բարունակ Թովմասեան (ատենապետ), Գերսամ Ահարոնեան, Յակոբ

Դաւիթեան, Տոքթ. Յովսէփ Եոզկաթեան, Համբարձում Պէրպէրեան, Մեթր Հրաչեայ

Սեդրակեան եւ Հայկաշէն Ուզունեան, որ Մելգոնեան հաստատութենէն ներս եղած էր

Գերսամ Ահարոնեանի մտերիմը:

Page 4: Friday 17 01 14, volume # 9, issue # 5

ընկերներէ՝ Փրոֆ. Բարունակ Թովմասեան (ատենապետ), Գերսամ Ահարոնեան, Յակոբ

Դաւիթեան, Տոքթ. Յովսէփ Եոզկաթեան, Համբարձում Պէրպէրեան, Մեթր Հրաչեայ

Սեդրակեան եւ Հայկաշէն Ուզունեան, որ Մելգոնեան հաստատութենէն ներս եղած էր

Գերսամ Ահարոնեանի մտերիմը:

Նոյն տարուան աշնան (1947) Գահիրէի մէջ կը գումարուի ՌԱԿ-ի 8-րդ

Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովը, ուր կ’որոշուի Պէյրութ փոխադրել

Կուսակցութեան Կեդրոնատեղին:

Գերսամ Ահարոնեան իր ստանձած պատասխանատուութեանց կողքին նաեւ կը դառնայ

կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան անդամ: Կիպրոսի մէջ իր սկսած կրթական

պաշտօնավարութիւնը շարունակելու պատեհ առիթը կը ներկայանայ իրեն նաեւ

Պէյրութի մէջ, դասաւանդելով ազգային եւ միջազգային պատմութիւն, ՀԲԸ Միութեան

Դարուհի Յակոբեան եւ Յովակիմեան-Մանուկեան երկրորդական վարժարաններէն ներս:

Այդպէս պիտի շարունակէր ան աւելի քան երեք տասնամեակներ:

«Զարթօնք» օրաթերթը, 1947-ի Յուլիսին, պիտի կորսնցնէր իր խմբագիրը՝ Գրիգոր

Պեքերեճեանը, որ հայրենիք ներգաղթած էր:

Շրջանի մը համար Յակոբ Դաւիթեանը, Համբարձում Գումրուեանը եւ Հայկ Նագգաշեանը

կամաւոր կը ստանձնեն այդ պաշտօնը. ապա ՌԱԿ-ի ղեկավարութիւնը պիտի հրաւիրէր

Գերսամ Ահարոնեանը, որ 1948-ին ստանձնէ ՌԱԿ-ի պաշտօնաթերթ «Զարթօնք»ի

պատասխանատու խմբագրի պաշտօնը: Մամլոյ փորձառութիւնը ու ինքնաշխատութեամբ

կուտակած իր գիտելիները անկասկած պիտի նպաստէին առաջնորդի երախտաշատ

գործունէութեան դրսեւորման:

Հայրենիք ներգաղթելու աշխատանքը աւարտելէ ետք, սփիւռքահայ առաջնորդներու

համար բացուած էր նոր աշխատանք, տոգորելու սփիւռքահայ զանգուածները

հայրենասիրութեամբ, քայլ մը եւս մօտեցնելով զանոնք հզօր հայրենիքի մը

բարգաւաճումի տեսլականին:

Գերսամ Ահարոնեան իր հեռատեսութեամբ լծուած էր համապատասխան աշխատանքի,

դառնալով երիտասարդ առաջնորդներէն մին՝ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան,

հիմնադիրներէն մէկը՝ Թէքէեան Մշակութային Միութեան, որոնց նաեւ պիտի աւելնար

ատենադպիրի պաշտօնը ՀԲԸ Միութեան Կրթական Յանձնախումբին: Պաշտօններ, զորս

երկար տարիներ պիտի վարէր խմբագրապետի եւ պատմութեան դասատուի

պաշտօններուն կողքին:

Ուրբաթ, 17 Յունուար 2014 9րդ Տարի, Թիւ 5 էջ 4

Page 5: Friday 17 01 14, volume # 9, issue # 5

Դաստիարակ Գերսամ Ահարոնեանի ունեցած պատմա-քաղաքական գիտելիքները արդէն

բաւարար էին անհրաժեշտը ուսուցանելու երկրորդական վարժարանի ուսանողներուն,

որոնք աւարտելով իրենց ուսումը մուտք կը գործէին Սփիւռքի հասարակական ու

միութենական կեանքէն ներս եւ կամ հայրենիք կը մեկնէին բարձրագոյն կրթութեան

հետեւելու:

Խմբագրապետի իր գրչէն բխած խմբագրականները առաջին օրէն իսկ դրոշմը դրին

սփիւռքահայ մամուլի ձեւաւորման մէջ, ինչպէս նաեւ քաղաքական սուր հայեցողութեամբ

եւ պատմական ճշգրիտ տուեալներով ու վերլուծումներով ան գիտցաւ տոգորել

սփիւռքահայ զանգուածները:

Հետզհետէ «Զարթօնք» օրաթերթի շուրջ կը հաւաքուին գաղափարախօսութեամբ

համոզուած երիտասարդ մտաւորականներ, որոնցմէ շատերը եղած էին Ահարոնեանի

աշակերտները ու Պէյրութի Թէքէեան Կեդրոնը դարձած էր անոնց ժամադրավայրը: Եւ այդ

երիտասարդութիւնը կապուած պահելու համար թերթի առօրեայ աշխատանքներուն, իր

խմբագրապետութեան շրջանին ծնունդ կ’առնէ «Զարթօնք Սփոր» յաւելուածը Սեպտեմբեր

1955-ին, որուն խմբագրական պատասխանատու պաշտօնը յանձնուած էր Օշին

Քէշիշեանին, ապա՝ Էտմոն Կոտալազեանին (Երուանդ Ազատեան): Լեւոն Թորոսեան,

Զաւէն Մսրլեան եւ Վաչէ Սեմերճեան կը միանան յաւելուածը խմբագրելու աշխատանքին:

Վերոյիշեալ մտաւորական երիտասարդները, որոնք 50-ական թուականներուն

հաւաքուած էին «Զարթօնք» օրաթերթի շուրջ, յետագային պիտի դառնային առաջնորդներ

կամ հասարակական գործիչներ, իրենց ապրած գաղութներէն ներս:

Գերսամ Ահարոնեան 1953-ին կեանքի որպէս ընկեր կ’ընտրէ Սոնա Վարդապետեանը:

Անոնք կը բախտաւորուին երկու զաւակներով՝ Շահէ-Սեւան եւ Անահիտ-Նուարդ:

* * *

Գերսամ Ահարոնեան, որ խմբագրականներով դարձած էր իր օրերու ամէնէն ուղղամիտ

առաջնորդներէն մին՝ սնուցանելով ռամկավար մտածելակերպի մտահոգութիւնները,

որոնք կ’առնչուէին հայրենիքի ու Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի հետ:

Ու ատոր լաւագոյն օրինակն է 1956-ի Փետրուարին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ

Կաթողիկոսութեան յափշտակումի տխուր դէպքերը եւ անկէ ծագած իրարանցումի

շրջանը:

Ուրբաթ, 17 Յունուար 2014 9րդ Տարի, Թիւ 5 էջ 5

Page 6: Friday 17 01 14, volume # 9, issue # 5

Ահարոնեան գիտցաւ «Զարթօնք» օրաթերթի միջոցաւ քաղաքական լրջութեամբ

առաջնորդել զանգուածները Սփիռքի գաղթօճախներէն ներս, ու տոգորել զանոնք

հայրենիքի գոյատեւման ու հզօրացման հեռատեսութեամբ:

Լիբանանահայութեան բարգաւաճող ազգային-հասարակական կեանքը 1958-ին

ըմդմիջումի պիտի ենթարկուէր, Լիբանանի մէջ ծայր տուած եղբայրասպան կռիւներու

պատճառով, բայց ընկեր Գերսամի ու իրեն նման առաջնորդներու շնորհիւ կարելի եղաւ

ազգային ներքին պայքարի եւ երկփեղկումի ընդմէջէն քալել՝ չափաւորելով կիրքերը ու

վերականգնել երբեմնի շէնշող Պէյրութը:

Օրաթերթի խմբագրական աշխատանքներուն համար, այդ շրջանին Գերսամին կը

միանայ երիտասարդ մտաւորական Նազարէթ Թօփալեանը, որ կը ստանձնէ

լրագրութեանց բաժնի խմբագրի պաշտօնը: Յետագային ան երկար տարիներ պիտի

գործէր ընկեր Գերսամի կողքին խմբագրելու «Զարթօնք» օրաթերթը:

Փնտռուած էր Գերսամ Ահարոնեան Պէյրութի գաղթօճախի ազգային-հասարակական

առօրեայ կեանքէն ներս որպէս հրապարակախօս, իր ունեցած պատմաքաղական

գիտելիքներով:

1961-ին ան կ’արժանանայ ՀԲԸՄ-ի վեթերանի վկայականին: 1962-ին ան կը ձեռնարկէ

Համբարձում Գումրուեանի (Հրաչ Վահունի) հետ «Զարթօնք Բացառիկ»ի

հրատարակութեան, որ կը վերածուի մեծածաւալ հրատարակութեան, նուիրուած՝

«Զարթօնք»ի 25-ամեակին, ինչպէս նաեւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան

կազմութեան 40-ամեակին: Ընկեր Ահարոնեան տիրապետած էր հայոց պատմութեան ու

մանաւանդ Հայաստանի աշխարհագրութեան: Իր ուսումնասիրութեանց շեշտը

անկասկած պիտի կեդրոնացնէր հայոց հողային պահանջատիրութեան վրայ: «Զարթօնք»

օրաթերթին մէջ 1964-ին լոյս տեսած յօդուածաշարքը հայոց հողային պահանջքին մասին,

լոյս կը տեսնէ որպէս գրքոյկ «Մեծ Երազի Ճամբուն Վրայ» խորագրով, որուն առաջին

հրատարակութիւնը ամբողջապէս սպառելէ ետք կ’արժանանայ Բ. տպագրութեան, որ

յետագային ան եւս պիտի սպառէր:

Իր դասաւանդած երկրորդական վարժարաններէն ներս, գիրքը դարձաւ դասագիրք՝ վերի

կարգի դասարաններուն համար, ուսանողներուն մօտէն ծանօթացնելու հայոց հողային

պահանջատիրութիւնը:

Ուրբաթ, 17 Յունուար 2014 9րդ Տարի, Թիւ 5 էջ 6

Page 7: Friday 17 01 14, volume # 9, issue # 5

Գերսամ Ահարոնեան այս շրջանին ստանձնած էր Եղեռնի Յիսնամեակին նուիրուած

սփիւռքեան մակարդակով մշակութային, ու ապա քաղաքական միջոցառումներու շարք

մը, որոնք բոլորն ալ կը պսակուին յաջողութեամբ:

Ապա, ան կը դառնայ 1965 Ապրիլ 24-ին Պէյրութի մէջ ժողովրդային մեծագոյն հաւաքին

գլխաւոր պատգամախօսներէն մին: Նոյն տարին լոյս կը տեսնէ Հայկական

Ցեղասպանութեան նուիրուած իր աշխատասիրած հսկայական հատորը, որպէս

«Յուշամատեան Մեծ Եղեռնի»: Վաւերագրական այս հաւաքածոն խմբագրելու

աշխատանքին մէջ, մասնակցութիւն կը բերէ Նազարէթ Թօփալեանը: Սփիւռքի ու

հայրենիքի մէջ փնտռուած այս կոթողական աշխատասիրութիւնն ալ արժանացաւ Բ.

տպագրութեան ու շատ աւելի ուշ՝ Գ. տպագրութեան:

Նոյն տարին իր գրչէն նաեւ լոյս կը տեսնէ արաբերէն լեզուով «Հայոց Դատը Արաբ

Ժողովուրդի Հանրային Կարծիքի Առջեւ» հատորը, որուն միջոցաւ ան կրցաւ ծանօթացնել

հայկական հարցը Միջին Արեւելքի արաբ ժողովուրդին:

1966-ին լոյս կը տեսնէ «Խոհեր Յիսնամեակի Աւարտին» հատորը, որ հաւաքածոն էր Մեծ

Եղեռնի Յիսնամեակին նուիրուած ծրագիրներուն ու գործունէութեանց՝ հայրենիքի թէ

սփիւռքի տարածքին: Այս գործը հը դառնայ Գերսամ Ահարոնեանի վերջին

հրատարակչական գործը: Նոյն տարին Պէյրութի մէջ իր դռները կը բանայ՝ ՀԲԸՄ-ի

Երուանդ Հիւսիսեան Հայագիտական Հիմնարկը բարձրագոյն կրթութեան

մասնագիտացման համար: Դասախօս որպէս կը հրաւիրուի Գերսամ Ահարոնեան

հայկական հարցի արդի զարգացումներուն շուրջ դասաւանդելու:

Գերսամ Ահարոնեանի քառորդ դարու ծառայութիւնը, անկասկած զինք դարձուցած էր

փնտռուած խմբագիրը, դաստիարակը, հրապարակախօսը ու հայրենասէր առաջնորդը

Սփիւռքի մէջ, իսկ աւելին, ան բազմիցս հրաւէր կը ստանար հայրենիքէն, այցելելու որպէս

սփիւռքահայ ղեկավար, արժանանալով հայրենի պետութեան անվերապահ

ընդունելութեան:

Ժամանակի հետ քայլ կը պահէր ան, ու յաճախ կը սիրէր իր մօտ հաւաքել երիտասարդ

մտաւորականներ ու համալսարանականներ՝ քաջալերելով զանոնք մաս կազմելու

ազգային ու հասարակական գործունէութեանց:

* * *

Ուրբաթ, 17 Յունուար 2014 9րդ Տարի, Թիւ 5 էջ 7

Page 8: Friday 17 01 14, volume # 9, issue # 5

1968-ին հայրենիք կը հրաւիրուի՝ մաս կազմելու

Երեւան-Էրեբունիի 2750-ամեակի տօնակատարու-

թեանց, որպէս սփիւռքահայ քաղաքական առաջնորդ:

Յաջորդ տարին, 1969-ին, Նիւ Եորքի Ամերիկեան

Միջազգային Ակադեմիան իրեն կը շնորհէ «Պատուոյ

Տոքթոր»ի վկայականը ու առաջին կարգի շքանշանը,

առ ի գնահատութիւն իր հրապարակագրական,

հասարակական ու կրթական բեղուն գործունէութեան:

Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը, իր հիմնադ-

րութեան առաջին օրերէն ի վեր, սեփականատէրն էր

Ճըմմէյզի թաղամասին մէջ նախագահական նախկին

պալատին: Հիմնադիրներու մարմնի որոշումով այդ

կալուածին տեղ պիտի բարձրանար բազմայարկ

կառոյց մը, բաւարարելու համար ՌԱԿ-ի շրջանակը,

«Զարթօնք» օրաթերթը, «Շիրակ» ամսագիրը, Թէքէեան

Մշակուաթային Միութիւնը ու առօրեայ կամ

ժողովրդային հաւաքներու համար պէտք եղած

սրահները: Այս ծրագրի իրականացման համար

որոշուած էր հանգանակել հսկայական գումար:

Հիմնադիրներու Մարմինը հանգանակութեան այս

ծրագիրը կը վստահի Գերսամ Ահարոնեանին ու ան կը

ծրագրէ շրջիլ սփիւռքահայ զանազան գաղութներ,

ներառեալ Միացեալ Նահանգներու զոյգ շրջանակները՝

երկու տարբեր առիթներով: 1971-ին կ’աւարտի

«Թէքէեան» նոր կեդրոնի շինութիւնը շնորհիւ Գերսամի

ու իր գործակից ընկերներու զոհաբերութեան: Նոյն

տարուան Նոյեմբերին տեղի կ’ունենայ նորակառոյց

Կեդրոնի պաշտօնական բացումը, ի ներկայութեան

Սփիւռքի զանազան գաղութներէ ժամանած

թէքէեանական հիւրերու:

Բացման այս ծրագրի նոյն շաբաթավերջին տեղի

կ’ունենայ ՌԱԿ-ի 50-ամեակի տօնակատարութիւնը՝

Պէյրութի մեծագոյն հանդիսասրահներէն մէկուն մէջ,

պետական բարձրաստիճան հիւրերու ներկայութեան:

Այդ առիթով հայրենիքէն հրաւիրուած էր ՌԱԿ-ի

անզուգական հերոս Արմենակ Եկարեանի որդին՝

Գուրգէնը, ներկայ գտնուելու իր հօր դաւանած

կուսակցութեան ոսկեայ յոբելեանին:

Պարոյր Սեւակի եւ Սիլվա

Կապուտիկեանի հետ՝ 1962-ին, Երեւան

Վարպետին՝ Մարտիրոս Սարեանի հետ՝

1968-ին՝ Երեւան

Ուրբաթ, 17 Յունուար 2014 9րդ Տարի, Թիւ 5 էջ 8

Page 9: Friday 17 01 14, volume # 9, issue # 5

Այդ առիթով հայրենիքէն հրաւիրուած էր ՌԱԿ-ի անզուգական հերոս Արմենակ Եկարեանի

որդին՝ Գուրգէնը, ներկայ գտնուելու իր հօր դաւանած կուսակցութեան ոսկեայ յոբելեանին:

Գերսամ Ահարոնեան այդ օր հանդէս կու գայ որպէս տօնակատարութեան գլխաւոր

պատգամախօսը:

Այս հանգրուանին նոր էջ մը բացուած էր իր հասարակական տօնակատարութեան մէջ: 1972

Յուլիսին ան կը ստանձնէ ատենապետութիւնը ՌԱԿ-ի Լիբանանի եւ Սուրիոյ Շրջանային

Վարչութեան, ու նորակառոյց կեդրոնէն ներս կը ծաւալի երիտասարդական ու

հասարակական բեղուն գործունէութիւն:

Լիբանանի քաղաքական կեանքն ալ այս շրջանին ստացած էր նոր դիմագիծ մը: Ընկեր

Գերսամ Ահարոնեանի գլխաւորած Շրջանային Վարչութեան կազմը սկսած էր ծաւալել

քաղաքական յարաբերութիւններ տեղական հոսանքներու հետ, պատրաստուելու Լիբանանի

մէջ երեսփոխանական ընտրութիւններուն:

Բայց կարծէք 1958 թուականը բաւարար չէր Լիբանանի կայուն ու անդորր կեանքը

խանգարելու, 1975 թուականին ծայր կու տան քաղաքացիական բախումներ, որոնք

անտարակոյս իրենց անդրադարձը կ’ունենան լիբանանահայ գաղութի բեղուն եռուզեռին

վրայ:

Բայց հեռատեսի փորձառութիւնը չպակսող Գերսամ Ահարոնեանին կարելի կը դառնայ հայ

քաղաքական հոսանքներու միջեւ գոյացնել ներքին համաձայնութիւն մը, որուն շնորհիւ

յետագային կարելի պիտի դառնար հայութիւնը հեռու պահել արիւնահեղութենէ եւ որուն

որպէս արդիւնք հայ ազգային կուսակցութեանց կազմակերպութեամբ կը նշուի

ցեղասպանութեան 60-ամեակը, Լիբանանի մէջ, շուրջ 100,000 հայրենակիցներու

մասնակցութեամբ:

Լիբանանի մէջ շարունակուող եղբայրասպան կռիւները պատճառ կը դառնան, որ

լիբանանահայութեան տեղաշարժը սկսի: Հայութիւնը պիտի որոնէր նոր գաղութներ

Լիբանանէն ակամայ հրաժեշտ առնելով:

1976-ի աշնան կարելի կը դառնայ յարաբերական խաղաղութիւն մը հաստատել Լիբանանի

տարածքին, ու հայ գաղութի կեանքն ալ կը վերագտնէ իր եռուզեռը, բայց ոչ այնքան փայլուն՝

ինչպէս անցնող տասնամեակին:

Ուրբաթ, 17 Յունուար 2014 9րդ Տարի, Թիւ 5 էջ 9

Page 10: Friday 17 01 14, volume # 9, issue # 5

Հակառակ տիրող անորոշութեան, ընկեր Ահարոնեան կը շարունակէր անխափան

հրատարակութիւնը «Զարթօնք» օրաթերթին, բայց Ահարոնեանի կողքին բացակայ էր

խմբագիր՝ Թօփալեանը, որ Լիբանանէն հեռանալով հաստատուած էր Փարիզ:

1977-էն սկսեալ «Զարթօնք»ի խմբագրական կազմին միացած էր Յակոբ Աւետիքեանը, որ

եղած էր Ահարոնեանի աշակերտը Հիւսիսեան Հայագիտական Հիմարկէն ներս: Հետզհետէ

«Զարթօնք» օրաթերթի էջերէն ի յայտ կու գան նոր անուններ. որոնցմէ կարելի է նշել Պարոյր

Աղպաշեանը, Սահակ Միքայէլեանը եւ Վաչէ Ղազարեանը, որոնց յաճախակի

ստորագրութիւնները նոր դիմագիծ մը կու տան Ահարոնեանի խմբագրապետութեան ներքեւ

լոյս տեսնող 40-ամեայ օրաթերթին:

Տարիքի ու առողջութեան պատճառաւ Գերսամ Ահարոնեան սկսած էր նուազեցնել իր

հասարակական կեանքի պարտաւորութիւնները, որոնք 30 յաջորդական տարիներ կլանած

էին իր ազգային անշահախնդիր ծառայութեան նուիրուած ժամանակը:

Լիբանանահայ գաղութը, երկրին անապահով վիճակին պատճառով, 1975-ի դէպքերէն

ասդին տակաւին չէր գտած իր անցեալի բարգաւաճ օրերը, սակայն այս բոլորը լուրջ

ազդեցութիւն պիտի չունենային «Զարթօնք» օրաթերթին միացող մտաւորական ընկերներուն

վրայ, որոնք ամէն ճիգ ի սպաս կը դնէին օրաթերթի հրատարակութեան ի խնդիր:

Գերսամ Ահարոնեանի վատթարացող առողջութիւնը ընկճած էր կաղնիի պէս հաստատուն

առողջութիւն ունեցող Մեծ Երազի Առաջնորդը: 1980-ի Նոյեմբերին հայրենիք կը մեկնի

վերջին անգամ, ներկայ գտնուելու սփիւռքահայ մտաւորականներու հաւաքին, նուիրուած

Խորհրդային Հայաստանի 60-ամեակին:

Վերջինը եղաւ իր հայրենիք այցելութիւնը, որովհետեւ շատ չանցած, Յունուար 19, 1981-ին

Գերսամ Ահարոնեան աչքերը յաւիտեան կը փակէ Պէյրութի մէջ, իր աննկուն առողջութիւնը

չկարենալով վերագտնել:

Կորուստը մեծ եղաւ զինք ճանչցողներուն համար, իր գործակիցներուն, իր աշակերտներուն:

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան պատմութեան մէջ անկասկած իր իւրայատուկ

տեղը պիտի ունենայ անզուգական առաջնորդը, որ գիտցաւ առաջնորդել ու դաստիարակել

սփիւռքահայ սերունդները՝ հայրենասիրութեան վեհ դաստիարակութեամբ, ու սորվեցուց

անոնց ծառայել անշահախնդրօրէն հայոց անժամանցելի դատին:

* * *

Գերսամ Ահարոնեանի անունը յաւերժացնելու համար, ՌԱԿ Արեւմտեան Ամերիկայի

Շրջանային Վարչութեան որոշումով, կը կազմուի ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ ԱԿՈՒՄԲը, որուն

հիմնադիր կազմի անդամները եղած էին ընկեր Գերսամի երբեմնի աշակերտները: ՌԱԿ

Ահարոնեան Ակումբը կը ստանձնէ ընկեր Գերսամի՝ «Մեծ Երազի Ճամբուն Վրայ» գիրքին Գ.

հրատարակութիւնը՝ 1986-ին:

1997-ին Գանատայի Օթթաուա քաղաքի փոքրաթիւ գաղութէն ներս կը կազմուի երկրորդ

Ուրբաթ, 17 Յունուար 2014 9րդ Տարի, Թիւ 5 էջ 10

Page 11: Friday 17 01 14, volume # 9, issue # 5

* * *

Գերսամ Ահարոնեանի անունը յաւերժացնելու համար,

ՌԱԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային

Վարչութեան որոշումով, կը կազմուի ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ

ԱԿՈՒՄԲը, որուն հիմնադիր կազմի անդամները եղած

էին ընկեր Գերսամի երբեմնի աշակերտները: ՌԱԿ

Ահարոնեան Ակումբը կը ստանձնէ ընկեր Գերսամի՝

«Մեծ Երազի Ճամբուն Վրայ» գիրքին Գ.

հրատարակութիւնը՝ 1986-ին:

1997-ին Գանատայի Օթթաուա քաղաքի փոքրաթիւ

գաղութէն ներս կը կազմուի երկրորդ Ահարոնեան

Ակումբ մը, մեծ առաջնորդին անունը դարձեալ

յաւերժացնելու համար:

Լոս Անճելըս, ԱՄՆ

Ուրբաթ, 17 Յունուար 2014 9րդ Տարի, Թիւ 5 էջ 11

Page 12: Friday 17 01 14, volume # 9, issue # 5

Ուրբաթ, 17 Յունուար 2014 9րդ Տարի, Թիւ 5 էջ 12

Letters to the Editor

Սիրելի ՌԱԿ եւ ՌԱԿ մամուլ,

Նոր Տարուայ եւ Սրբ. Ծնունդի զոյգ տօներու առիթով, կու գամ իմ ջերմագին մաղթանքս

հղելու Կուսակցութեան ու անոր մամուլին, մաղթելով վերելք, վերածնունդ եւ կանաչ ճանապարհ։ Արեւշատ օրերը թող բազմապատկուին, գաղաբարը մնա վեհ եւ անխափան։ Առաջ ընթանանք հիմնադիրներու տեսլականով եւ հասնինք բարձունքին։

Ընկերական ջերմ ողջոյնով,

Աւետիս Տիպան

Երեւան- Հայաստանի Հանրապետութիւն

In response to your Yerevan Municipality Luxuries article published on Thursday 16/01/2014

Your question whether why the budget of repaving of a street in Yerevan should not be spent on rural

roads in poor condition of Armenia.

The answer is as follows: Each Municipality has a boundary and a budget. The elected governance

administers and allocates funds for the well being of its residents including Public Works, Education etc.

State highways are within federal jurisdiction, that connect each province or Marz and the municipalities

within them. One Municipality may choose to prioritize one issue over the other, this how each region in

the civilized world stand out in one area than one other.

In the case of Armenia sadly, all priorities cater one and the only Pyramid, that is the reproduction of the

Republican Government at all these three levels, at all costs.

Should this utmost priority be revised, all Federal, Regional and Municipal issues fall into focus

and normalcy.

Harry Mardirossian, Architect

Toronto, Canada

Hello Rag Mamoul,

Thank you for the article by Mr Jebejian about Hovep-in

Yeraz-ue. It was heartwarming.

Arpi Sarian

Massachusetts, USA

Page 13: Friday 17 01 14, volume # 9, issue # 5

Letters to the Editor

I read Sevag Hagopian's article in your paper no. 245 on December 27, 2013 regarding the job market in

Lebanon and how new graduates cannot find jobs in their field (or other fields). This situation causes

students to either go back to school to increase their educational credentials or emigrate to find new

positions outside of Lebanon.

First of all, the situation in Lebanon is not unique. If you read economic news articles from Europe, North

and South America, China, India, and Russia, they all point to a common situation - that is of high

unemployment rates. Excluding some oil producing countries, who are sitting on vast free oil reserves,

most countries have to face this new global challenge for a long time yet to come. Briefly, please refer

back to president Regan's and Margarte Tachers reign from 1979 on, when every reasonable economic

policy in history was sent to the trash bin. Instead, the US government introduced fictional and imaginary

economic laws, which made the situation at the time even worse. As if this was not enough, new powers

came to the fore - China emerged with vast amounts of low wage workers (in billions), then came India

with the same amount of cheap labour, and a decade later when Communism was gone for good, another

few million low wage workers entered themarketplace. Political leaders hencefoth began to seek the

advice of their so-called economic advisors in order to create employment for all the new low wage

workers. The solution (albeit one that would prove to be horribly wrong in years to come) was to give

away cheap money/credit and construction permits to basically anyone with a pulse. And so, an age of

"Economic Charlatanism" began with vengeance. Though new inventions came to dominate human lives,

in the shape of computers and cellular phones, and created new positions for skilled workers, the

unskilled workers were not in a good position. For instance, car manufacturers laid off hundreds of

thousands of employees, leaving unskilled workers reliant on cheap credit in order to be able to buy

houses and live a decent life. I assume Mr. Hagopian can now see that the situation I describe cannot go

on forever. In any economy, when you create one job by destroying three, eventually those getting laid

off can no longer afford to pay the mortgage on their new-bought house. These individuals are added to

army of unemployed people, on top of the vast army of young Chinese and Indian individuals who are

waiting in line for employment.

In response, dear Sevag, suggesting a solution in this situation is very difficult, but I can narrow it down

to two solutions that I think are plausible. The first would be having these individuals immigrate to oil-

rich countries or countries in Africa, where working opportunities are greater. This would be better than

moving to other countries that I mentioned in the article, where employment opportunities are rare even

for their own highly educated youth. The second solution would be to establish a base in Armenia and

essentially start from scratch. Armenia is not a developed country, but unlike many European and

countries, it has all sorts of opportunity for development – as long as the power-hungry and uneducated

elite who run the current government are kicked out of office and replaced with educated and selfless

politicians.

Sako Tilimian

Toronto, Canada

Ուրբաթ, 17 Յունուար 2014 9րդ Տարի, Թիւ 5 էջ 13

Page 14: Friday 17 01 14, volume # 9, issue # 5

We are glad to inform you that RAG MAMOUL will have a “Letter to the Editor” section, where on every Friday we will publish your letters and opinions. Your letter should preferably refer to an article that has appeared within the last seven days, and must include the writer's full name, address and phone numbers. Letters may be edited and shortened for space.

Send a Letter to the Editor to: [email protected]

Սիրելի ընթերցող,

ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼԻ խմբագրութիւնը հաճոյքը ունի ձեզ

տեղեկացնելու, թէ այսուհետեւ ամէն Ուրբաթ օրուայ թիւով

մենք պիտի հրատարակենք խմբագրութեանս ուղղուած ձեր

նամակները:

Ձեր նամակը կամ կարծիքը նախնըտրաբար պէտք է վերաբերի

վերջին 7 օրերուն ընթացքին մեր հրատարակած մէկ յօդուածին:

Պէտք է նկատի ունենալ նաեւ, թէ ձեր նամակը ենթակայ պիտի

ըլլայ որոշ խմբագրումի:

Page 15: Friday 17 01 14, volume # 9, issue # 5

Advertise in

è²Î زØàôÈ

Make it reach to our 25000+

worldwide subscribers everyday

Promotional Price List

Duration Size Price

Yearly Contract

Full Page US 999$

Half Page US 599$

Bottom Banner US 399$

Monthly Contract Full Page US 199$

Half Page US 149$

Bottom Banner US 59$

Weekly Contract Full Page US 159$

Half Page US 59$

Bottom Banner US 29$

Daily Contract Full Page US 59$

Half Page US 29$

Bottom Banner US 9$

(Offer valid till 31/01/14)

All non-profit/charity events’ ads are published for free

Contact:

[email protected]

RAG MAMOUL is published and spread Monday to Friday all year round

Page 16: Friday 17 01 14, volume # 9, issue # 5
Page 17: Friday 17 01 14, volume # 9, issue # 5
Page 18: Friday 17 01 14, volume # 9, issue # 5
Page 19: Friday 17 01 14, volume # 9, issue # 5

HEADLINESUB-HEAD

MONTH, YEAR VOL # ISSUE #

ՄԵՐ ՆՊԱՏԱԿԸ

è²Î زØàôÈ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ՝

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

Պատասխանատու Խմբագիր՝

ԱՍԱՏՈՒՐ ՏԷՎԼԵԹԵԱՆ

Խմբագրական Կազմ՝

ԴՈԿՏ. ՄԻՆԱՍ ԳՈՃԱՅԵԱՆ (Լոս Անճելըս, ԱՄՆ)

ԿԱՍԻԱ ՃՂԱԼԵԱՆ (Գահիրէ, Եգիպտոս)

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ (Պէյրութ, Լիբանան)

ՀԱՅԿ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ (Մոնթրէալ, Գանատա)

ՅԱԿՈԲ ՉԱՄՔԷՐԹԷՆԵԱՆ (Սիտնի, Աւստրալիա)

ԱԼԻՆ ՊԱԼԵԱՆ (Տուպայ, ԱՄԷ)

ԿԱՐԱՊԵՏ ՍԱՅԱՊԱԼԵԱՆ (Մարսէյլ, Ֆրանսա)

ՏԻԱՆԱ ՏԷՐ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ (Պուէնոս Այրէս, Արժանթին)

Վարչական Պատասխանատու՝

ԱՆԱՀԻՏ ՉԷՕՐԷՔՃԵԱՆ

Հեռ. +374 77 00 22 11 Հեռատիպ +1 647 435 0800

ե-նամակ՝ [email protected]

ՄԵՐ ՆՊԱՏԱԿԸ

ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼԻ նպատակն է ազգային մեր յոյզերն ու մտահոգութիւնները տարածել

աշխարհի չորս ծագերը՝ հրապարակելով Հայրենի թէ Սփիւռքահայ մտաւորականներու

յօդուածները, հայրենիքի եւ զանազան գաղութներու վերաբերող թղթակցութիւններ, ինչպէս նաեւ

ՌԱԿ-ի հետ առնչուող հաղորդագրութիւններ, աւելի քան 25000 ե-նամակի հասցէատէրերու,

բոլորն ալ՝ Հայ ժողովուրդի զաւակներ:

Օրէ օր աճող մեր հասցէացանկը առիթը կուտայ յօդուածագիրներու, իրենց մտքի պտուղը

հանդիսացող ու կարեւոր հարցեր լուսարձակի տակ առնող գրութիւններ, մեր միջոցով, յանձնելու

հազարաւոր Հայորդիներու ուշադրութեան:

Օգտուելով ժամանակակից հնարաւորութիւններու շնորհած այլեւայլ միջոցներէն եւ

հաւատարիմ մեր առաքելութեան, օրական մէկ նիւթի դրութեամբ, ամէնէն արագ, ոչ-դասական եւ

բոլորին հասանելի կերպով, մեզի ուղարկուած յօդուածներն ու թղթակցութիւնները, մեր

գրասենեակներուն մէջ սիրով խմբագրելէ ետք, պիտի հասցնենք բոլոր անոնց, որոնք ծարաւ են

ազգային առումով կենսական հարցերու հրապարակային քննարկման եւ, առ հասարակ՝

Հայկականութեան:

Hayg Nahabed and other Armenian Legends introduces young readers to the legendary Armenian heroes like: Hayg Nahabed, Vahakn the Dragon Killer, Dork Ankegh, Ara the Handsome, and King Dikran Yervantian. Edited By: Sevag Hagopian Illustrated By: David Bedrossian

Order through email:

[email protected]