14
è²Î زØàôÈ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ՝ ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ Հարիւր Տարի Անց Թուրքերը Դեռ կը Տառապին Ցեղասպանութեան Հալածախտէ ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Երեքշաբթի, 29 Ապրիլ 2014 9րդ Տարի, Թիւ 77 էջ 1 Դաւանելով ռամկավար եւ ազատական սկզբունքներ, կը հաւատանք բազմակարծութեան եւ ազատ խօսքի իրաւունքի: Հետեւաբար՝ հոս հրատարակուած գրութիւնները անպայման չեն արտայայտեր խմբագրութեանս տեսակէտը: Կամքէ անկախ սպրդած վրիպակներու պարագային, կ՛ապաւինինք յօդուածագիրներուն եւ մեր ընթերցողներուն ներողամտութեան: Գալուստ Սահակեան Ազգային Ժողովի Նախագահ (Տեսնել՝ էջ 8) Թուրք ղեկավարներու լարուած հոգեվիճակը կարելի է բացատրել «Գող՝ սիրտը դող» ասացուածքով, հակառակ անոնց չքմեղանքին, քաջատեղեակ ըլլալով, որ իրենց նախնիները իսկապէս գործած են պատմութեան տարեգրութեան մէջ ամենահրեշաւոր ոճրագործութիւն- ներէն մէկը՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը… Անցեալ շաբաթ աշխարհը ականատես եղաւ թրքական ցասման եւս մէկ պոռթկումին, երբ Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւն- ներու յանձնաժողովը, հակառակ Անգարայի վարչա- կարգի եւ անոր կողմէն շռայլօրէն վարձատրուող լոպիս- տական ընկերութիւններու հզօր ճնշման, ընդունեց Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող թիւ 410 բանաձեւը՝ 12 կողմ, 5 դէմ ձայներով: Օրուայ Յօդուածը՝ ՌԱԿ-ի Լուրեր Հայրենի Լուրեր Ամէն անգամ որ Հայոց Ցեղաս- պանութիւնը կը յիշատակուի աշխարհի որեւէ անկիւնի մէջ, թուրք պաշտօնեաները աղմուկ- աղաղակ կը բարձրացնեն՝ վատ արարքի մէջ բռնուած չարա- գործներու նման: Լիբանան՝ ՌԱԿ-ի ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԻՒՆԸ ԻՒՐԱՅԱՏՈՒԿ ՁԵՒՈՎ ՈԳԵԿՈՉԵՑ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 99-ՐԴ ԱՄԵԱԿԸ (Տեսնել՝ էջ 4) Լիբանան՝ Հ.Բ.Ը.Մ. , Հ.Ե.Ը. ԵՒ ՌԱԿ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ (Տեսնել՝ էջ 7) www.facebook.com/RAGmamoul ԾԱՆՕԹ՝ Հայկական այն միութիւններն ու վարժարանները, որոնք կը փափաքին իրենց թղթակցութիւնները հրատարակուած տեսնել ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ-ին մէջ, բարեհաճին իրենց գրութիւնները՝ նկարներով մէկտեղ, ուղղել խմբագրութեանս հետեւեալ հասցէին՝ ragmamoul1[email protected] Լուրեր Սփիւռքէն

Turkey still haunted by genocide by harut sassounian

Embed Size (px)

DESCRIPTION

RAG MAMOUL’s aim is to produce, broadcast and publish a digital communication journal that will be distributed throughout a vast network of 25,000+ qualified Armenian recipients, in Armenia and the Diaspora. Articles from well-known authors, issues affecting Armenia and Armenians, reports of events organized in Armenia and the Diaspora, press releases and general commentary/viewpoints will be the mainstay basis of this undertaking. By taking advantage of modern technology, we will be disseminating acceptable (Edited) information, in as many languages as possible, and will endeavour to publish at least one article per day at the minimum. This massive and growing digital reach, should be very attractive to concerned columnists, readers and advertisers as it will be prepared and presented in a visually simple, easy to read and attractive format.

Citation preview

Page 1: Turkey still haunted by genocide by harut sassounian

è²Î زØàôÈ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ՝ ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

Հարիւր Տարի Անց Թուրքերը Դեռ կը

Տառապին Ցեղասպանութեան Հալածախտէ

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի

հրատարակիչ եւ խմբագիր

Երեքշաբթի, 29 Ապրիլ 2014 9րդ Տարի, Թիւ 77 էջ 1

Դաւանելով ռամկավար եւ ազատական սկզբունքներ, կը հաւատանք բազմակարծութեան եւ ազատ խօսքի իրաւունքի:

Հետեւաբար՝ հոս հրատարակուած գրութիւնները անպայման չեն արտայայտեր խմբագրութեանս տեսակէտը:

Կամքէ անկախ սպրդած վրիպակներու պարագային, կ՛ապաւինինք յօդուածագիրներուն եւ մեր ընթերցողներուն

ներողամտութեան:

Գալուստ Սահակեան Ազգային Ժողովի Նախագահ

(Տեսնել՝ էջ 8)

Թուրք ղեկավարներու լարուած հոգեվիճակը կարելի է

բացատրել «Գող՝ սիրտը դող» ասացուածքով, հակառակ

անոնց չքմեղանքին, քաջատեղեակ ըլլալով, որ իրենց

նախնիները իսկապէս գործած են պատմութեան

տարեգրութեան մէջ ամենահրեշաւոր ոճրագործութիւն-

ներէն մէկը՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը…

Անցեալ շաբաթ աշխարհը ականատես եղաւ թրքական

ցասման եւս մէկ պոռթկումին, երբ Միացեալ

Նահանգներու ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւն-

ներու յանձնաժողովը, հակառակ Անգարայի վարչա-

կարգի եւ անոր կողմէն շռայլօրէն վարձատրուող լոպիս-

տական ընկերութիւններու հզօր ճնշման, ընդունեց

Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող թիւ 410 բանաձեւը՝

12 կողմ, 5 դէմ ձայներով:

Օրուայ Յօդուածը՝ 9րդ Տարի, Թիւ 74 էջ 1

ՌԱԿ-ի Լուրեր 9րդ Տարի, Թիւ 74 էջ 1

Հայրենի Լուրեր 9րդ Տարի, Թիւ 74 էջ 1

Ամէն անգամ որ Հայոց Ցեղաս-

պանութիւնը կը յիշատակուի

աշխարհի որեւէ անկիւնի մէջ,

թուրք պաշտօնեաները աղմուկ-

աղաղակ կը բարձրացնեն՝ վատ

արարքի մէջ բռնուած չարա-

գործներու նման:

Լիբանան՝ ՌԱԿ-ի ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԻՒՆԸ

ԻՒՐԱՅԱՏՈՒԿ ՁԵՒՈՎ ՈԳԵԿՈՉԵՑ ՀԱՅՈՑ

ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 99-ՐԴ ԱՄԵԱԿԸ

(Տեսնել՝ էջ 4)

Լիբանան՝ Հ.Բ.Ը.Մ. , Հ.Ե.Ը. ԵՒ ՌԱԿ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

(Տեսնել՝ էջ 7)

*

www.facebook.com/RAGmamoul

ԾԱՆՕԹ՝

Հայկական այն միութիւններն ու վարժարանները,

որոնք կը փափաքին իրենց թղթակցութիւնները

հրատարակուած տեսնել ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ-ին մէջ,

բարեհաճին իրենց գրութիւնները՝ նկարներով

մէկտեղ, ուղղել խմբագրութեանս հետեւեալ

հասցէին՝ [email protected]

Լուրեր Սփիւռքէն 9րդ Տարի, Թիւ 74 էջ 1

Page 2: Turkey still haunted by genocide by harut sassounian

Երեքշաբթի, 29 Ապրիլ 2014 9րդ Տարի, Թիւ 77 էջ 2

ՌԱԿ ՄԱՏԵՆԱՇԱՐ

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան նորագոյն

նախաձեռնութիւնը՝ ի սպաս Հայ դպրութեան

Առաջին անգամ է, որ այս կառոյցը վերջին քառորդ դարու ընթացքին նման բանաձեւ հաւանութեան

կ’արժանացնէ:

Հակառակ երկրին մէջ եւ անկէ դուրս թրքական կառավարութեան բազմաբնոյթ տագնապներուն՝

Անգարայի պաշտօնեաները ծերակոյտին ընդունած Ցեղասպանութեան բանաձեւը դարձուցին իրենց

առաջնահերթութիւնը: Վարչապետ Էրտողան մի քանի օրով մէկ կողմ ձգեց իր բռնապետական

ոտնձգութիւնները Ֆէյսպուքի, Եութուպի եւ Թուիթըրի դէմ, որոնց միջոցով կը ձգտէր թաքցնել իր եւ որոշ

նախարարներու բազմամիլիոն տոլարներու լուալու եւ կաշառակերութեան ծրագիրները: Ան նաեւ

անտեսեց գաղտնալսուած զրոյցները, որոնց ընթացքին արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաութօղլուին

եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ դաւեր կը նիւթեն սահմանի ուղղութեամբ Թուրքիոյ վրայ

յարձակումներ կազմակերպելու համար, որ հետագային պէտք էր օգտագործուէր իբրեւ պատրուակ

Սուրիոյ վրայ յարձակելու ժամանակ ժիհատական ահաբեկիչներու աջակցութեան համար, որոնք անյաջող

պայքար կը մղեն Ասատի վարչակարգի դէմ:

Ծերակոյտի որոշումէն դժգոհ՝ Տաութօղլուն ամերիկեան կառավարութիւնը նախազգուշացուց, որ

«Թուրքիան պիտի չլռէ», եթէ Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւը յանձնաժողովէն անցնի ծերակոյտի

լիագումար նիստ: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ալ աւելի կոշտ արձագանգեց՝

մեղադրելով յանձնաժողովը «իր իրաւասութիւնը եւ պատասխանատւութիւնը» գերազանցելու մէջ:

Տաւութօղլու աճապարեց հեռաձայնել Ճոն Քերիին՝ յորդորելով զայն կանխել բանաձեւին ընդունումը:

Այս գործի մէջ ներքաշուեցաւ նաեւ խորհրդարանի նախագահ Ճեմիլ Չիչեք՝ Հայկական հարցը «բեռ»

անուանելով թուրք-ամերիկեան հարաբերութիւններու մէջ: Լայն տարածում ունեցող «Հիւրիյեթ» թերթի

մեկնաբան մը նշեց, որ Ցեղասպանութեան բանաձեւը արեան ճնշում պիտի բարձրացնէ Անգարայի մէջ…

Նախկին թուրք դեսպան Օմեր Էնկին Լիւթեմ աւելցուց, որ Թուրքիա «ստիպուած է աւելի մեծ ջանքեր

գործադրելու, որպեսզի կանխէ նման բանաձեւերու ընդունումը», չհաշուած ամէն տարի լոպիստական

ընկերութիւններու վրայ ծախսուող միլիոնաւոր տոլարները…

Էրտողանին սատարող թերթերը նոյնիսկ կեղծիքներ հրապարակեցին Ցեղասպանութեան բանաձեւին

մասին՝ պնդելով, որ այդ ձեռնարկը այլեւս վաւերական չէ, քանի որ ան չէ ընդունուած ծերակոյտի

լիագումար նիստի օրակարգին մէջ մինչեւ Ապրիլ 24ը, կամ՝ որ բանաձեւը անիմաստ է, քանի որ

Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Ճոն Պէյներ Անգարայի մէջ յայտարարած է, թէ թոյլ չի տար, որ

Ներկայացուցիչներու տան տարբերակը անցնի: Բնաւանաբար այս երկու պնդումներն ալ չեն

համապատասխաներ իրականութեան, քանի որ Ներկայացուցիչներու տան եւ ծերակոյտի տարբերակները

համատեղ բանաձեւի մաս չեն կազմեր եւ կրնան առանձին-առանձին ընդունուիլ իւրաքանչիւրին կողմէ,

աւելի ուշ, այս տարուան ընթացքին:

Ամերիկահայ ընտրողները պէտք է հնարաւոր ամէն ինչ ընեն կանխելու քոնկրեսական Պէյնրի

վերընտրութիւնը Նոյեմբերին: Նոյն ձեւով, հայ համայնքը պէտք է ընդդիմանայ այն ծերակուտականներուն,

որոնք անամօթաբար դէմ քուէարկած են բանաձեւին, նոյնիսկ երբ ծերակուտական Մենենտես որոշ

դրոյթներ հանեց ընդդիմախօսներուն հետ համաձայնութեան գալու համար: Ճոն Պարասօ (Ուայոմինկ),

Պոպ Քորկեր (Թեննեսի), Ճեֆ Ֆլէյկ (Արիզոնա), Ռոն Ճոնսն (Ուիսքոնսին) եւ Ճէյմս Ռիշ (Այտահօ). ասոնք

այն հինգ հանրապետական ծերակուտականներն են, որոնք դէմ քուէարկեցին: Միւս կողմէ՝

ամերիկահայերը պէտք է ամէն ձեւով աջակցին այն 12 ծերակուտականներուն, որոնք կողմ քուէարկեցին

Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւին. յանձնաժողովի նախագահ Ռոպերթ Մենենտեզ (դեմոկրատ, Նիւ

Ճերսի), Պարպարա Պոքսեր (դեմոկրատ, Քալիֆորնիա), Պենճամին Քարտին (դեմոկրատ, Մերիլենտ),

Քրիսթոֆըր Քունս (դեմոկրատ, Տելավեր), Ռիչըրտ Տուրպին (դեմոկրատ, Իլինոյս), Թիմ Քէյն (դեմոկրատ,

Վիրճինիա), Էտուըրտ Մարքէյ (դեմոկրատ, Մասաչուսեց), Ճոն ՄըքՔէյն (հանրապետական, Արիզոնա),

Քրիս Մըրֆի (դեմոկրատ, Քոնեքթիքուտ), Մարկօ Ռուպիօ (հանրապետական, Ֆլորիտա), Ժին Շահին

(դեմոկրատ, Նիւ Հեմփշիր) եւ Թոմ Ուտոլ (դեմոկրատ, Նիւ Մեքսիքօ):

Page 3: Turkey still haunted by genocide by harut sassounian

Երեքշաբթի, 29 Ապրիլ 2014 9րդ Տարի, Թիւ 77 էջ 3

Պոպ Քորկեր (Թեննեսի), Ճեֆ Ֆլէյկ (Արիզոնա), Ռոն Ճոնսն (Ուիսքոնսին) եւ Ճէյմս Ռիշ (Այտահօ). ասոնք

այն հինգ հանրապետական ծերակուտականներն են, որոնք դէմ քուէարկեցին: Միւս կողմէ՝

ամերիկահայերը պէտք է ամէն ձեւով աջակցին այն 12 ծերակուտականներուն, որոնք կողմ քուէարկեցին

Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւին. յանձնաժողովի նախագահ Ռոպերթ Մենենտեզ (դեմոկրատ, Նիւ

Ճերսի), Պարպարա Պոքսեր (դեմոկրատ, Քալիֆորնիա), Պենճամին Քարտին (դեմոկրատ, Մերիլենտ),

Քրիսթոֆըր Քունս (դեմոկրատ, Տելավեր), Ռիչըրտ Տուրպին (դեմոկրատ, Իլինոյս), Թիմ Քէյն (դեմոկրատ,

Վիրճինիա), Էտուըրտ Մարքէյ (դեմոկրատ, Մասաչուսեց), Ճոն ՄըքՔէյն (հանրապետական, Արիզոնա),

Քրիս Մըրֆի (դեմոկրատ, Քոնեքթիքուտ), Մարկօ Ռուպիօ (հանրապետական, Ֆլորիտա), Ժին Շահին

(դեմոկրատ, Նիւ Հեմփշիր) եւ Թոմ Ուտոլ (դեմոկրատ, Նիւ Մեքսիքօ):

Բանաձեւի անսպասելի հետեւանքներէն մէկը խորացող պառակտումն էր Թուրքիոյ մէջ առկայ երկու հզօր

ուժերու՝ վարչապետ Էրտողանի եւ ազդեցիկ իսլամական հոգեւորական Ֆեթուլահ Կիւլենի միջեւ:

Էրտողան մեղադրեց Կիւլենի աջակիցները «հայկական լոպիի» կողմէն ըլլալու համար՝ նուիրաբերելով 10

հազար տոլար ծերակուտական Մենենտեզի քարոզարշաւին: Թուրք-ամերիկեան միութիւնը հերքեց

Էրտողանին մեղադրանքները՝ յայտարարելով, որ իրենք «միշտ դժգոհութիւն յայտնած են Մենենտեզի

բանաձեւերուն վերաբերեալ, որովհետեւ անոնք կը վշտացնեն թուրքերն ու ատրպէյճանցիները»: Թուրք-

ամերիկեան միութեան պաշտօնեաները խոստացած են դատի տալ թուրք լրագրողները այն պնդումներուն

համար, որ իրենց կազմակերպութիւնը աջակցած է հայկական բանաձեւին:

Եզրակացութիւն. հակառակ հասարակական տպաւորութեան՝ Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւերը

ներկայացնելու հիմնական նպատակը Ցեղասպանութեան ճանաչման հասնիլը չէ, այդ մէկը արդէն

բազմիցս ձեռք բերուած է. Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան ներկայացուցած պաշտօնական

փաստաթուղթը Միջազգային դատարան 1951 թուականին, նախագահ Ռիկընի 1981 թուականի

յայտարարութիւնը և Ներկայացուցիչներու տան բանաձեւերը 1975 և 1984 թուականներուն: Այս

բանաձեւերը պարզապէս կը ծառայեն իբրեւ յարմար միջոց՝ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը իբրեւ

օրախնդիր պահելու եւ լրատուամիջոցներու ուշադրութիւնը Հայկական հարցին վրայ բեւեռելու համար:

Նաեւ, բանաձեւերը սովորաբար խուճապ կը յառաջացնեն Անգարայի մէջ թուրք պաշտօնեաներու

ջղագրգիռ արձագանգին պատճառով: Թուրքիոյ կառավարութիւնը նաեւ ամէն տարի տասնեակ

միլիոնաւոր տոլարներ կը վատնէ հակազդելու համար բանաձեւերուն, որոնք պարզապէս կ’արտայայտեն

«Քոնկրեսին կարծիքը»:

Նման բանաձեւեր ընդունելու հայկական ջանքերը հաշուեյարդարի ձեւ մըն են թրքական իրերայաջորդ

կառավարութիւններուն դէմ՝ թոյլ չտալով թաքցնելու իրենց անցեալի աղտոտ լաթերը:

ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼԻ ՄԵՐ ՍԻՐԵԼԻ ՅՕԴՈՒԱԾԱԳԻՐՆԵՐՈՒՆ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԵԱՆ

Ձեզմէ ազնուաբար պիտի խնդրէինք Ձեր յօդուածները ՝ նկարներով մէկտեղ, յետայսու ուղղել

խմբագրութեանս հետեւեալ հասցէին՝ [email protected]

Շնորհակալութիւն Ձեր ազնիւ գործակցութեան համար:

Page 4: Turkey still haunted by genocide by harut sassounian

ԼԻԲԱՆԱՆ

ՌԱԿ-ի ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԻՒՆԸ ԻՒՐԱՅԱՏՈՒԿ

ՁԵՒՈՎ ՈԳԵԿՈՉԵՑ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 99-ՐԴ ԱՄԵԱԿԸ

Հովանաւորութեամբ Հայոց Ցեղասպանութեան 100 Ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական Մարմնին եւ

կազմակերպութեամբ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Հայոց Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման

Լիբանանի Յանձնախումբին, ՙRIDE to REMEMBER ՚ խորագրով հեծանիւերով արշաւ մը կազմակերպուեցաւ

Պէյրութի փողոցներուն մէջ:

Իր ձեւին մէջ իւրայատուկ այս ձեռնարկը, որ կը նպատակադրէր յատուկ ոճով մը հանրութեան

ուշադրութեան յանձնել Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը, զայն յիշատակելով զուտ հայկական շրջանակէ

դուրս եւս, առիթը տալով եւ քաջալերելով նաեւ ոչ-հայ մասնակիցներու միասնաբար յիշատակելու Հայոց

Ցեղասպանութեան տարելիցը` տեղի ունեցաւ Կիրակի, 27 Ապրիլ 2014ին:

Արդարեւ Կիրակի առաւօտեան կանուխ ժամերէն Պէյրութի ծովափին վրայ գտնուող ՙBeirut By Bike՚ի վայրը

փութացած էին մօտ 150 մասնակիցներ ստանալու իրենց հեծանիւերը: Մասնակիցներուն մէջ կային ամէն

տարիքի եւ սեռի մասնակիցներ` աշակերտներ, ուսուցիչներ, Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան

Վարժարանի տնօրէնուհին, Վահան Թէքէեան Վարժարանի բարձր դասարանի աշակերտութիւնը, ՀԲԸՄ-

ՀԵԸի Համալսարանականներու Վարչութենէն անդամներ եւ այլն, որոնց բոլորին տեղւոյն վրայ

տրամադրուեցան կարմիր գոյնի օրուան յատուկ շապիկներ: Հոն ներկայ էր նաեւ Թէքէեան Մշակութային

Միութեան Հիմնադիրներու Մարմնի ատենապետ ընկեր Յակոբ Գասարճեան, ինչպէս նաեւ կուսակցական

եւ միութենական պատասխանատուներ` քաջալերելու ձեռնարկը: Ներկայ էին նաեւ մեծ թիւով հայկական,

միջոցներու ներկայացուցիչներ Հեծելենաւորդներուն թիւին մէջ հետաքրքրականօրէն տեղ կը գրաւէին ոչ-

հայ մասնակիցներ:

Արաբերէն լեզուով ներկաները ողջունեց ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ` ընկեր

Միքայէլ Վայէճեան: Արշաւը սկիզբ առաւ ժամը 10ին: Խումբը Պէյրութի ծովափէն լիբանանեան

ապահովական ուժերու հսկողութեամբ ուղղուեցաւ դէպի Պէյրութի Նահատակաց Հրապարակ, ուր

կազմակերպողներուն եւ մասնակիցներուն անունով ծաղկեպսակ մը զետեղուեցաւ Նահատակաց

Յուշարձանին առջեւ առ ի յարգանք նոյն հրապարակին վրայ Օսմանեան Կայսրութեան ձեռքով կախաղան

բարձրացուած Լիբանանցի եւ արաբ մտաւորականներու եւ ազգայնականներու յիշատակին ինչպէս նաեւ

յիշեցնելու համար լիբանանցի ժողովուրդին թէ մեր երկու ժողովուրդները միեւնոյն ճակատագիրը բաժնած

են նոյն ոճրագործին եաթաղանով:

Երեքշաբթի, 29 Ապրիլ 2014 9րդ Տարի, Թիւ 77 էջ 4

ՌԱԿ-ի Լուրեր 9րդ Տարի, Թիւ 74 էջ 1

Page 5: Turkey still haunted by genocide by harut sassounian

Երեքշաբթի, 29 Ապրիլ 2014 9րդ Տարի, Թիւ 77 էջ 5

լիբանանեան եւ օտար լրատուական միջոցներու ներկայացուցիչներ

Հեծելենաւորդներուն թիւին մէջ հետաքրքրականօրէն տեղ կը գրաւէին ոչ-հայ

մասնակիցներ:

Արաբերէն լեզուով ներկաները ողջունեց ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային

Վարչութեան ատենապետ` ընկեր Միքայէլ Վայէճեան: Արշաւը սկիզբ առաւ

ժամը 10ին: Խումբը Պէյրութի ծովափէն լիբանանեան ապահովական ուժերու

հսկողութեամբ ուղղուեցաւ դէպի Պէյրութի Նահատակաց Հրապարակ, ուր

կազմակերպողներուն եւ մասնակիցներուն անունով ծաղկեպսակ մը

զետեղուեցաւ Նահատակաց Յուշարձանին առջեւ առ ի յարգանք նոյն

հրապարակին վրայ Օսմանեան Կայսրութեան ձեռքով կախաղան

բարձրացուած Լիբանանցի եւ արաբ մտաւորականներու եւ

ազգայնականներու յիշատակին ինչպէս նաեւ յիշեցնելու համար լիբանանցի

ժողովուրդին թէ մեր երկու ժողովուրդները միեւնոյն ճակատագիրը բաժնած

են նոյն ոճրագործին եաթաղանով:

Ապա, մասնակիցները ուղղուեցան դէպի Ժըմմէյզի հասնելով Մար Մըխայէլի

Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը, եւ վերադարձան Սայֆի անցնելով եւ

հանգչելով Թէքէեան Կեդրոնին առջեւ, ուր ՌԱԿ-ի տղաքը զիրենք կը

սպասէին հրամցնելու զովացուցիչներ: Վերջապէս մասնակից

հեծելենաւորդները ուղղուեցան դէպի արշաւին սկիզբ առած կեդրոնը` ՙBeirut

By Bike՚ ուր կէսօրուան ժամը 12ին հեծելարշաւը հասաւ իր աւարտին, որ

շնորհակալութեամբ հովանաւորուած էր նաեւ ՙIVICKS ՚ հաստատութենէն,

ՌԱՏԻՕ ՍԵՒԱՆ-էն, ՙLOYALTY INSURANCE ՚էն, ՙSANNINE ՚ ջուրի

ընկերութենէն, ՙASDOURIAN JEWELLERY՚էն եւ ՌԱԿ-ի կարգ մը

բարեկամներու կողմէ:

Պէյրութի մէջ իր ձեւին մէջ իւրայատուկ եւ քաղաքակիրթ այս ձեռնարկը կու

գայ անգամ մը եւս փաստելու ՌԱԿ-ի դերը Հայ Դատը լիբանանցի

ժողովուրդին լաւագոյնս ծանօթացնելու մէջ, ինչպէս նաեւ վառ պահելու

Հայկականութիւնն ու Պահանջատիրութիւնը լիբանանահայ գաղութին մէջ

ընդհանրապէս եւ իր շարքային ու համակիր երիտասարդութեան ոգիներուն

մէջ մասնաւորաբար:

ԹՂԹԱԿԻՑ

Ապա, մասնակիցները ուղղուեցան դէպի Ժըմմէյզի հասնելով Մար Մըխայէլի Ելեկտրականութեան

Ընկերութիւնը, եւ վերադարձան Սայֆի անցնելով եւ հանգչելով Թէքէեան Կեդրոնին առջեւ, ուր ՌԱԿ-ի

տղաքը զիրենք կը սպասէին հրամցնելու զովացուցիչներ: Վերջապէս մասնակից հեծելենաւորդները

ուղղուեցան դէպի արշաւին սկիզբ առած կեդրոնը` ՙBeirut By Bike՚ ուր կէսօրուան ժամը 12ին

հեծելարշաւը հասաւ իր աւարտին, որ շնորհակալութեամբ հովանաւորուած էր նաեւ ՙIVICKS ՚

հաստատութենէն, ՌԱՏԻՕ ՍԵՒԱՆ-էն, ՙLOYALTY INSURANCE ՚էն, ՙSANNINE ՚ ջուրի ընկերութենէն,

ՙASDOURIAN JEWELLERY՚էն եւ ՌԱԿ-ի կարգ մը բարեկամներու կողմէ:

9րդ Տարի, Թիւ 74 էջ 1

Page 6: Turkey still haunted by genocide by harut sassounian

Երեքշաբթի, 29 Ապրիլ 2014 9րդ Տարի, Թիւ 77 էջ 6

Պէյրութի մէջ իր ձեւին մէջ իւրայատուկ եւ քաղաքակիրթ այս ձեռնարկը կու գայ անգամ մը եւս

փաստելու ՌԱԿ-ի դերը Հայ Դատը լիբանանցի ժողովուրդին լաւագոյնս ծանօթացնելու մէջ, ինչպէս

նաեւ վառ պահելու Հայկականութիւնն ու Պահանջատիրութիւնը լիբանանահայ գաղութին մէջ

ընդհանրապէս եւ իր շարքային ու համակիր երիտասարդութեան ոգիներուն մէջ մասնաւորաբար:

ԹՂԹԱԿԻՑ

Պէյրութի մէջ իր ձեւին մէջ իւրայատուկ եւ

քաղաքակիրթ այս ձեռնարկը կու գայ անգամ մը եւս

փաստելու ՌԱԿ-ի դերը Հայ Դատը լիբանանցի

ժողովուրդին լաւագոյնս ծանօթացնելու մէջ, ինչպէս

նաեւ վառ պահելու Հայկականութիւնն ու

Պահանջատիրութիւնը լիբանանահայ գաղութին մէջ

ընդհանրապէս եւ իր շարքային ու համակիր

երիտասարդութեան ոգիներուն մէջ

մասնաւորաբար:

ԹՂԹԱԿԻՑ

Պէյրութի մէջ իր ձեւին մէջ իւրայատուկ եւ

քաղաքակիրթ այս ձեռնարկը կու գայ անգամ մը եւս

փաստելու ՌԱԿ-ի դերը Հայ Դատը լիբանանցի

ժողովուրդին լաւագոյնս ծանօթացնելու մէջ, ինչպէս

նաեւ վառ պահելու Հայկականութիւնն ու

Պահանջատիրութիւնը լիբանանահայ գաղութին մէջ

ընդհանրապէս եւ իր շարքային ու համակիր

երիտասարդութեան ոգիներուն մէջ

մասնաւորաբար:

ԹՂԹԱԿԻՑ

Page 7: Turkey still haunted by genocide by harut sassounian

ԼԻԲԱՆԱՆ

Հ.Բ.Ը.Մ. , Հ.Ե.Ը. ԵՒ ՌԱԿ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Երկուշաբթի 28 Ապրիլ 2014-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Հ.Բ.Ը. Միութեան

եւ Հ.Ե. Ընկերակցութեան ու Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային

Վարչութեան ղեկավարութեանց միջեւ:

Հ.Բ.Ը.Մ.-ը եւ Հ.Ե.Ը.-ը ներկայացուցին Պրն. Ժերար Թիւֆէնքճեան (Հ.Բ.Ը.Մ. Լիբանանի Շրջանակային

Յանձնաժողովի ատենապետ), Պրն. Վիգէն Չէրչեան (Հ.Ե.Ը. Լիբանանի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ),

Պրն. Համբար Եսայեան (Հ.Ե.Ը. Լիբանանի Կեդրոնական Վարչութեան փոխ-ատենապետ), Տիկ. Անիթա

Լիպիար (Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Լիբանանի Վարիչ տնօրէն) եւ Պրն. Գէորգ Սանթուրեան (Հ.Ե.Ը.-ի տնօրէն): ՌԱԿ

Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը ներկայացուցին ընկերներ Միքայէլ Վայէճեանը (ատենապետ), Տօքթ.

Յակոբ Փափազեանը (փոխ-ատենապետ) եւ Սեւակ Յակոբեանը (ատենադպիր): Ժողովին ներկայ եղաւ

նաեւ ընկ. Տօքթ. Վիգէն Ասիլեանը (ՌԱԿ-ի ներկայացուցիչը Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի

Կեդրոնական Մարմնին մէջ):

Ժողովականները քննարկեցին ընդհանրապէս լիբանանահայ գաղութը եւ ի մասնաւորի երկու կողմերը

շահագրգռող հարցեր եւ լայն գիծերու մէջ համադրումի եւ համագործակցութեան կարելիութիւններ:

Ժողովը անդրադարձ կատարեց նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին վերաբերող

աշխատանքներուն:

Ժողովականները կենսական համարեցին նման հանդիպումներուն յաճախակի կրկնութիւնը:

Երեքշաբթի, 29 Ապրիլ 2014 9րդ Տարի, Թիւ 77 էջ 7

Page 8: Turkey still haunted by genocide by harut sassounian

Երեքշաբթի, 29 Ապրիլ 2014 9րդ Տարի, Թիւ 77 էջ 8

Երկուշաբթի 28 Ապրիլ 2014-ի առաւօտեան, Հայաստանի

Ազգային Ժողովը մեկնարկեց իր հերթական քառօրեայ

նիստերուն: Խորհրդարանը պիտի քննարկէ հարիւր օրակարգերէ

բաղկացած թղթածրար մը, ինչպէս նաեւ 18 միջազգային

համաձայնագիրներ: Նախքան նիստը, խորհրդարանը Գալուստ

Սահակեանը ընտրեց Ազգային Ժողովի նախագահ: Սոյն

պաշտօնը Յովիկ Աբրահամեանի վարչապետ նշանակւելէն ետք

կը մընար թափուր: Հայաստանի Ազգային Ժողովի նախագահի

պաշտօնը պիտի զբաղեցնէ Հանրապետական կուսակցութեան

փոխնախագահ, խորհրդարանին մէջ Հանրապետական

Կուսակցութեան խմբակցութեան ղեկավար Գալուստ

Սահակեանը: Սոյն յայտարարութիւնը կատարեց

Հանրապետական Կուսակցութեան մամլոյ խօսնակ Էտուարտ

Շարմազանովը: Վերջինս նաեւ նշեց, թէ Հայաստանի նոր

կառավարութեան կազմը ամբողջացած պիտի ըլլայ մինչեւ 3

Մայիս:

Նոր կառավարութեան գետնի վրայ, նախագահ Սերժ Սարգըսեան

փոխվարչապետի եւ տարածքային կառավարման պաշտօնին

վերանշանակեց Արմէն Գէորգեանը: Արտեմ Ասատըրեանը

վերանշանակուեցաւ աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու

նախարարի պաշտօնին, ինչպէս Արմէն Աշոտեանը` կրթութեան

եւ գիտութեան: Միւս կողմէ Գագիկ Խաչատրեան նշանակուեցաւ

ելեւմտական հարցերու նախարար:

Կուսակցութեան խմբակցութեան ղեկավար Գալուստ Սահակեանը: Սոյն յայտարարութիւնը կատարեց

Հանրապետական Կուսակցութեան մամլոյ խօսնակ Էտուարտ Շարմազանովը: Վերջինս նաեւ նշեց, թէ

Հայաստանի նոր կառավարութեան կազմը ամբողջացած պիտի ըլլայ մինչեւ 3 Մայիս:

Նոր կառավարութեան գետնի վրայ, նախագահ Սերժ Սարգըսեան փոխվարչապետի եւ տարածքային

կառավարման պաշտօնին վերանշանակեց Արմէն Գէորգեանը: Արտեմ Ասատըրեանը

վերանշանակուեցաւ աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնին, ինչպէս Արմէն

Աշոտեանը` կրթութեան եւ գիտութեան: Միւս կողմէ Գագիկ Խաչատրեան նշանակուեցաւ ելեւմտական

հարցերու նախարար:

Հայրենի Լուրեր 9րդ Տարի, Թիւ 74 էջ 1

ԳԱԼՈՒՍՏ ՍԱՀԱԿԵԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԻ ՆԱԽԱԳԱՀ

Page 9: Turkey still haunted by genocide by harut sassounian

We are glad to inform you that RAG MAMOUL will have a “Letter to the Editor” section, where on every Monday we will publish your letters and opinions. Your letter should preferably refer to an article that has appeared within the last seven days, and must include the writer's full name, address and phone numbers. Letters may be edited and shortened for space.

Send a Letter to the Editor to: [email protected]

Սիրելի ընթերցող,

ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼԻ խմբագրութիւնը հաճոյքը ունի ձեզ

տեղեկացնելու, թէ այսուհետեւ ամէն Երկուշաբթի օրուայ թիւով

մենք պիտի հրատարակենք խմբագրութեանս ուղղուած ձեր

նամակները:

Ձեր նամակը կամ կարծիքը նախնըտրաբար պէտք է վերաբերի

վերջին 7 օրերուն ընթացքին մեր հրատարակած մէկ յօդուածին:

Պէտք է նկատի ունենալ նաեւ, թէ ձեր նամակը ենթակայ պիտի

ըլլայ որոշ խմբագրումի:

Երեքշաբթի, 8 Ապրիլ 2014 9րդ Տարի, Թիւ 62 էջ 5

Page 10: Turkey still haunted by genocide by harut sassounian

Advertise in

è²Î زØàôÈ

Make it reach to our 25000+

worldwide subscribers everyday

Promotional Price List

Duration Size Price

Yearly Contract

Full Page US 999$

Half Page US 599$

Bottom Banner US 399$

Monthly Contract Full Page US 199$

Half Page US 149$

Bottom Banner US 59$

Weekly Contract Full Page US 159$

Half Page US 59$

Bottom Banner US 29$

Daily Contract Full Page US 59$

Half Page US 29$

Bottom Banner US 9$

(Offer valid till 31/05/14)

All non-profit/charity events’ ads are published for free

Contact:

[email protected]

RAG MAMOUL is published and spread Monday to Friday all year round

Page 11: Turkey still haunted by genocide by harut sassounian
Page 12: Turkey still haunted by genocide by harut sassounian
Page 13: Turkey still haunted by genocide by harut sassounian
Page 14: Turkey still haunted by genocide by harut sassounian

HEADLINESUB-HEAD

MONTH, YEAR VOL # ISSUE #

ՄԵՐ ՆՊԱՏԱԿԸ

è²Î زØàôÈ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ՝

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

Խմբագրական Կազմ՝

ԴՈԿՏ. ՄԻՆԱՍ ԳՈՃԱՅԵԱՆ (Լոս Անճելըս, ԱՄՆ)

ԿԱՍԻԱ ՃՂԱԼԵԱՆ (Գահիրէ, Եգիպտոս)

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ (Պէյրութ, Լիբանան)

ՀԱՅԿ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ (Մոնթրէալ, Գանատա)

ՅԱԿՈԲ ՉԱՄՔԷՐԹԷՆԵԱՆ (Սիտնի, Աւստրալիա)

ԱԼԻՆ ՊԱԼԵԱՆ (Տուպայ, ԱՄԷ)

ԿԱՐԱՊԵՏ ՍԱՅԱՊԱԼԵԱՆ (Մարսէյլ, Ֆրանսա)

ՏԻԱՆԱ ՏԷՐ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ (Պուէնոս Այրէս, Արժանթին)

Վարչական Պատասխանատու՝

ԱՆԱՀԻՏ ՉԷՕՐԷՔՃԵԱՆ

Հեռ. +374 77 00 22 11 Հեռատիպ +1 647 435 0800

ե-նամակ՝ [email protected]

ՄԵՐ ՆՊԱՏԱԿԸ

ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼԻ նպատակն է ազգային մեր յոյզերն ու մտահոգութիւնները տարածել

աշխարհի չորս ծագերը՝ հրապարակելով Հայրենի թէ Սփիւռքահայ մտաւորականներու

յօդուածները, հայրենիքի եւ զանազան գաղութներու վերաբերող լուրեր եւ թղթակցութիւններ,

ինչպէս նաեւ ՌԱԿ-ի հետ առնչուող հաղորդագրութիւններ, աւելի քան 25000 ե-նամակի

հասցէատէրերու, բոլորն ալ՝ Հայ ժողովուրդի զաւակներ:

Օրէ օր աճող մեր հասցէացանկը առիթը կուտայ յօդուածագիրներու, իրենց մտքի պտուղը

հանդիսացող ու կարեւոր հարցեր լուսարձակի տակ առնող գրութիւններ, մեր միջոցով, յանձնելու

հազարաւոր Հայորդիներու ուշադրութեան:

Օգտուելով ժամանակակից հնարաւորութիւններու շնորհած այլեւայլ միջոցներէն եւ

հաւատարիմ մեր առաքելութեան, օրական մէկ նիւթի դրութեամբ, ամէնէն արագ, ոչ-դասական եւ

բոլորին հասանելի կերպով, մեզի ուղարկուած յօդուածներն ու թղթակցութիւնները, մեր

գրասենեակներուն մէջ սիրով խմբագրելէ ետք, պիտի հասցնենք բոլոր անոնց, որոնք ծարաւ են

ազգային առումով կենսական հարցերու հրապարակային քննարկման եւ, առ հասարակ՝

Հայկականութեան:

ԱՌ Ի ԳԻՏՈՒԹԻՒՆ

Ութ տարի առաջ, ՌԱՄԿԱՎԱՐ ՄԱՄՈՒԼ-ի կեանքի

կոչուելուն, ինչպէս նաեւ անոր կազմաւորման եւ

ղեկավարման աշխատանքներուն մէջ կարեւոր դեր մը

վսատահուեցաւ ինծի:

Սկզբնական այդ օրերէն ի վեր, եւ ելեկտրոնային այս

հրատարակութեան աճման այլեւայլ բոլոր հանգրուան-

ներուն, ջանադիր բծախնդրութեամբ վարած եմ պա-

տասխանատու խմբագիրի եւ նախաձեռնութեան

տնօրինման պաշտօնները, անշուշտ, կարողութիւննե-

րուս ընձեռած տարողութեամբ:

Ատենէ մը ի վեր կը փափաքէի այդ պարտականու-

թիւնները փոխանցել երիտասարդ ուժերու, որպէսզի

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ՄԱՄՈՒԼ-ը առաւելագոյնս օժտուէր

նաեւ ժամանակակից հանարաւորութիւններու թարմ

շունչով:

Այժմ, համոզուած ըլլալով որ ի մի բերուած են

անհրաժեշտ բոլոր տուելաներու տէր եւ կարող անձեր,

հանգիստ սրտով կը կատարեմ այդ փոխանցումը, հետը

յաջողութեան սրտագին բարեմաղթութիւններուս:

ԱՍԱՏՈՒՐ ՏԷՎԼԵԹԵԱՆ