10
è²Î زØàôÈ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ՝ ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ Ցեղասպանութեան Հարցով Հայաստան -Թուրքիա Ճակատում՝ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդին Մէջ ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ Երկուշաբթի, 10 Մարտ 2014 9րդ Տարի, Թիւ 41էջ 1 Դաւանելով ռամկավար եւ ազատական սկզբունքներ, կը հաւատանք բազմակարծութեան եւ ազատ խօսքի իրաւունքի: Հետեւաբար՝ հոս հրատարակուած գրութիւնները անպայման չեն արտայայտեր խմբագրութեանս տեսակէտը: Կամքէ անկախ սպրդած վրիպակներու պարագային, կ՛ապաւինինք յօդուածագիրներուն եւ մեր ընթերցողներուն ներողամտութեան: «Ժողովուրդներուն միջեւ կերտել աւելի խոր հաշտութիւններ՝ ընդհանուր պատմութեան եւ տագնապալի անցեալի յիշողութեան հիման վրայ: Յաճախ այս գործընթացը կ'ենթադրէ աւելին, քան պարզապէս հռչակագիրներու եւ բանաձեւերու ընդունումը, այցելութիւններն ու ծաղիկներ զետեղելը զոհերու յուշարձաններուն կամ պայմանագիրներու եւ արձանագրութիւններու ստորագրութիւնն ու ձեռքսեղմումները: Որպէսզի հաշտութիւնը մնայուն ըլլայ, անհրաժեշտ է հաշուեյարդար կատարել անցեալին հետ, ճանչնալ եւ ընդունիլ կատարուած յանցագործութիւններու ամբողջ պատասխանատուութիւնը»: Նախանշելով յաջորդ տարուան՝ Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ոգեկոչման ձեռնարկները, 29 Յունուարին Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը առաջին անգամ ըլլալով քննարկուեցաւ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ: Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան մէջ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ, դեսպան Կարէն Նազարեան Ապահովութեան խորհուրդի նստաշրջանին ելոյթ ունենալով՝ «Պատերազմն ու անոր դասերը. մնայուն խաղաղութեան որոնումը» խորագիրով քննարկման ընթացքին, խօսքին սկիզբը նրբօրէն Թուրքիոյ ակնարկութիւն կատարեց՝ ՄԱԿի խաղաղարար երակատարութեան առնչութեամբ.

Armenia & turkey clash over genocide at un security council by harut sassounian western armenian

Embed Size (px)

DESCRIPTION

RAG MAMOUL’s aim is to produce, broadcast and publish a digital communication journal that will be distributed throughout a vast network of 25,000+ qualified Armenian recipients, in Armenia and the Diaspora. Articles from well-known authors, issues affecting Armenia and Armenians, reports of events organized in Armenia and the Diaspora, press releases and general commentary/viewpoints will be the mainstay basis of this undertaking. By taking advantage of modern technology, we will be disseminating acceptable (Edited) information, in as many languages as possible, and will endeavour to publish at least one article per day at the minimum. This massive and growing digital reach, should be very attractive to concerned columnists, readers and advertisers as it will be prepared and presented in a visually simple, easy to read and attractive format.

Citation preview

Page 1: Armenia & turkey clash over genocide at un security council by harut sassounian western armenian

è²Î زØàôÈ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ՝ ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

Ցեղասպանութեան Հարցով Հայաստան-Թուրքիա

Ճակատում՝ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդին Մէջ

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Երկուշաբթի, 10 Մարտ 2014 9րդ Տարի, Թիւ 41/Հ էջ 1

Դաւանելով ռամկավար եւ ազատական սկզբունքներ, կը հաւատանք բազմակարծութեան եւ ազատ խօսքի իրաւունքի:

Հետեւաբար՝ հոս հրատարակուած գրութիւնները անպայման չեն արտայայտեր խմբագրութեանս տեսակէտը:

Կամքէ անկախ սպրդած վրիպակներու պարագային, կ՛ապաւինինք յօդուածագիրներուն եւ մեր ընթերցողներուն

ներողամտութեան:

«Ժողովուրդներուն միջեւ կերտել աւելի խոր հաշտութիւններ՝ ընդհանուր պատմութեան եւ

տագնապալի անցեալի յիշողութեան հիման վրայ: Յաճախ այս գործընթացը կ'ենթադրէ

աւելին, քան պարզապէս հռչակագիրներու եւ բանաձեւերու ընդունումը, այցելութիւններն ու

ծաղիկներ զետեղելը զոհերու յուշարձաններուն կամ պայմանագիրներու եւ

արձանագրութիւններու ստորագրութիւնն ու ձեռքսեղմումները: Որպէսզի հաշտութիւնը

մնայուն ըլլայ, անհրաժեշտ է հաշուեյարդար կատարել անցեալին հետ, ճանչնալ եւ ընդունիլ

կատարուած յանցագործութիւններու ամբողջ պատասխանատուութիւնը»:

Նախանշելով յաջորդ տարուան՝ Ցեղասպանութեան

հարիւրամեակի ոգեկոչման ձեռնարկները, 29 Յունուարին

Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը առաջին անգամ ըլլալով

քննարկուեցաւ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ:

Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան մէջ Հայաստանի

մնայուն ներկայացուցիչ, դեսպան Կարէն Նազարեան

Ապահովութեան խորհուրդի նստաշրջանին ելոյթ

ունենալով՝ «Պատերազմն ու անոր դասերը. մնայուն

խաղաղութեան որոնումը» խորագիրով քննարկման

ընթացքին, խօսքին սկիզբը նրբօրէն Թուրքիոյ

ակնարկութիւն կատարեց՝ ՄԱԿի խաղաղարար

երակատարութեան առնչութեամբ.

Page 2: Armenia & turkey clash over genocide at un security council by harut sassounian western armenian

Երկուշաբթի, 10 Մարտ 2014 9րդ Տարի, Թիւ 41/Հ էջ 2

ՌԱԿ ՄԱՏԵՆԱՇԱՐ

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան նորագոյն

նախաձեռնութիւնը՝ ի սպաս Հայ դպրութեան

Հայոց Ցեղասպանութենէն դասեր քաղելուն մասին խօսելով՝ դեսպան Նազարեան յատկապէս

նշեց, որ «հաշտեցման գործընթացը կրնայ ձգձգուիլ տասնամեակներ կամ նոյնիսկ

սերունդներ: Ասիկա արդի ժամանակաշրջանի առաջին ցեղասպանութիւնն էր, որ

կատարուեցաւ Համաշխարհային Ա. պատերազմի քօղին տակ»: Հայաստանի

ներկայացուցիչը շարունակեց. «Զանգուածային դաժան յանցագործութիւններու

անպատժելիութեան վերացումը էական է արդարութեան վերականգնման համար»:

Դեսպան Նազարեան նաեւ ընդգծած է այն քայլերը, որոնք անհրաժեշտ են ժողովուրդներուն

միջեւ իսկական հաշտութեան համար. «Հաշտեցման հարցով յաջողութեան հասած ազգերն

ու ժողովուրդները սովորաբար արդարութեան վերականգնման համար անցած են ընդարձակ

գործընթացէ մը, որ կը ներառէ նաեւ փոխհատուցում զոհերուն եւ անոնց ժառանգներուն՝

անոնց ազգային արժանապատուութեան եւ ինքնութեան վերականգնման նպատակով: Նաեւ

հրամայական է միաձայնութեամբ դէմ արտայայտուիլ պատմութեան աղաւաղման,

պատմական ոճրագործութիւններու մերժման եւ ժխտողականութեան»:

Զարմանալի չէ, որ ՄԱԿի մէջ Թուրքիոյ ներկայացուցիչ Հալիթ Չեւիքը իր պատասխան

խօսքին մէջ հիմնականօրէն կեդրոնացաւ ապագային, եւ ոչ թէ իր երկրի արիւնոտ անցեալին

վրայ: Չգիտակցելով, որ ան կը դատապարտէ իր իսկ երկիրը, թուրք պատուիրակը պնդեց.

«Բոլոր անոնք, որոնք պատասխանատու են շատ ծանր ոճիրներու, մարդկութեան դէմ

կատարուած յանցագործութիւններու, ցեղասպանութեան եւ պատերազմի

յանցագործութիւններու, պէտք է պատասխանատուութեան ենթարկուին»:

Այնուհետեւ դեսպան Չեւիքը՝ շարունակելով խօսքը, կրկնեց իր կառավարութեան

մաշած ժխտումները՝ հաստատելով. «1915 թուականի իրադարձութիւններուն առնչուած

Դեսպան Կարէն Նազարեան

Ցեղասպանութեան անհիմն պնդումները

երբեք օրինականօրէն կամ պատմականօրէն

հիմնաւորուած չեն եղած: Նոյն ծիրին մէջ չկայ

քաղաքական, իրաւական համաձայնութիւն՝

այդ իրադարձութիւններուն բնոյթին

վերաբերեալ: Մենք կը կարծենք, թէ

պատմութենէն թշնամութիւն քաղելով,

փորձելով ուրիշներուն վրայ բեռցնել

մեղադրական եւ անցեալի վերաբերեալ

միակողմանի տեսակէտ, եւ կոչ ուղղելով

ընտրովի կարեկցանքի, ճիշդ ճանապարհ

չէ յարգանքի տուրք մատուցելու համար

Page 3: Armenia & turkey clash over genocide at un security council by harut sassounian western armenian

Երկուշաբթի, 10 Մարտ 2014 9րդ Տարի, Թիւ 41/Հ էջ 3

բազմաթիւ թուրքերու, հայերու եւ այլոց յիշատակին, որոնք կորսնցուցած են իրենց կեանքը

Համաշխարհային Ա. պատերազմին ընթացքին: Ուստի, կարեւոր է առերեսուիլ

պատմութեան ամբողջականութեան հետ, եւ պատմական փաստաթուղթերու եւ

արխիւներու անկողմնակալ գիտական ուսումնասիրութեան միջոցով հաւանաբար կարելի

ըլլայ ճիշդ դասեր քաղել պատմութենէն ու հասնիլ հասարակաց արդար յիշողութեան»: Դեսպան Նազարեան՝ օգտուելով

պատասխանի իր իրաւունքէն, խորին

ափսոսանք յայտնեց լսելով թուրք

ներկայացուցիչին «խեղաթիւրուած

բացատրութիւնները՝ Հայոց

Ցեղասպանութեան անհերքելի փաստին

առնչութեամբ, որ խլած է Օսմանեան

կայսրութեան մէջ երիտթուրքերու

տիրապետութեան օրօք ապրած 1.5 միլիոն

հայ մանուկներու, կիներու եւ տղամարդոց

կեանքը… Անիկա սկսած էր 1915 թուականի

Ապրիլ 24ին եւ շարունակուած մինչեւ 1923

թուականը. ատիկա ողջ ժողովուրդի մը

համակարգուած եւ ծրագրուած սպանդ էր»:

Մանրամասնօրէն նկարագրելով

տեղահանութիւններն ու ջարդերը

ընդհուպ մինչեւ ցեղասպանութիւն, դեսպան Նազարեանը հաստատեց. «Այս ոճրագործութիւնը ճանչցուած է (ՄԱԿի) բազմաթիւ անդամ

պետութիւններու եւ միջազգային կառոյցներու, ներառեալ՝ ՄԱԿի ու անոր ստորադաս

մարմինի՝ Խտրականութեան վերացման եւ փոքրամասնութիւններու պաշտպանութեան

ենթայանձնաժողովին կողմէ»:

Դեսպան Նազարեանին ուղղուած իր երկրորդ պատասխանին մէջ Թուրքիոյ

ներկայացուցիչը աւելի զգոյշ եղաւ իր ժխտողականութեան մէջ. «Մենք չենք ըսեր, որ 1915

թուականին ոչինչ տեղի ունեցած է: Այդ իրադարձութիւնները չեն համապատասխաներ

(ՄԱԿի) 1948 թուականի համաձայնագիրով սահմանուած ցեղասպանութեան

նկարագրութեան: Այժմ Հայաստանի պատուիրակութիւնը 1915 թուականի

իրադարձութիւնները կը յարուցանէ իբրեւ ցեղասպանութիւն, առանց անոր վերաբերեալ

որեւէ բանաձեւի կամ Միջազգային դատարանի որոշման: Ուրեմն, ինչ կ'ակնկալէք, որ

Հալիթ Չեւիք

Page 4: Armenia & turkey clash over genocide at un security council by harut sassounian western armenian

Երկուշաբթի, 10 Մարտ 2014 9րդ Տարի, Թիւ 41/Հ էջ 4

մենք…», նախքան իր յայտարարութիւնը աւարտելը հնչեց թուրք դեսպանին բջիջային

հեռախօսը՝ ընդմիջելով անոր նախադասութիւնը:

Շատ հաւանական է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին ընդառաջ բազմաթիւ

նման ճակատումներ տեղի ունենան Թուրքիոյ հետ: Կը թուի, որ թուրք պաշտօնեաները չեն

ալ գիտակցիր, որ որքան շատ ժխտեն եւ ընդդիմանան հայկական գործողութիւններուն,

այնքան աւելի շատ կը նպաստեն Հայոց Ցեղասպանութեան եւ հայ ժողովուրդի արդար

պահանջներու տարածման: Մինչ այդ, շնորհիւ թրքական պատուիրակութեան կողմէ

դեսպան Նազարեանի յայտարարութեան տուած երկու պատասխաններուն, պատմութեան

մէջ առաջին անգամ ըլլալով Հայոց Ցեղասպանութիւնը լայնօրէն քննարկուեցաւ ՄԱԿի

Ապահովութեան խորհուրդին մէջ:

www.facebook.com/RAGmamoul

Page 5: Armenia & turkey clash over genocide at un security council by harut sassounian western armenian

We are glad to inform you that RAG MAMOUL will have a “Letter to the Editor” section, where on every Monday we will publish your letters and opinions. Your letter should preferably refer to an article that has appeared within the last seven days, and must include the writer's full name, address and phone numbers. Letters may be edited and shortened for space.

Send a Letter to the Editor to: [email protected]

Սիրելի ընթերցող,

ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼԻ խմբագրութիւնը հաճոյքը ունի ձեզ

տեղեկացնելու, թէ այսուհետեւ ամէն Երկուշաբթի օրուայ թիւով

մենք պիտի հրատարակենք խմբագրութեանս ուղղուած ձեր

նամակները:

Ձեր նամակը կամ կարծիքը նախնըտրաբար պէտք է վերաբերի

վերջին 7 օրերուն ընթացքին մեր հրատարակած մէկ յօդուածին:

Պէտք է նկատի ունենալ նաեւ, թէ ձեր նամակը ենթակայ պիտի

ըլլայ որոշ խմբագրումի:

Page 6: Armenia & turkey clash over genocide at un security council by harut sassounian western armenian

Advertise in

è²Î زØàôÈ

Make it reach to our 25000+

worldwide subscribers everyday

Promotional Price List

Duration Size Price

Yearly Contract

Full Page US 999$

Half Page US 599$

Bottom Banner US 399$

Monthly Contract Full Page US 199$

Half Page US 149$

Bottom Banner US 59$

Weekly Contract Full Page US 159$

Half Page US 59$

Bottom Banner US 29$

Daily Contract Full Page US 59$

Half Page US 29$

Bottom Banner US 9$

(Offer valid till 31/03/14)

All non-profit/charity events’ ads are published for free

Contact:

[email protected]

RAG MAMOUL is published and spread Monday to Friday all year round

Page 7: Armenia & turkey clash over genocide at un security council by harut sassounian western armenian
Page 8: Armenia & turkey clash over genocide at un security council by harut sassounian western armenian
Page 9: Armenia & turkey clash over genocide at un security council by harut sassounian western armenian
Page 10: Armenia & turkey clash over genocide at un security council by harut sassounian western armenian

HEADLINESUB-HEAD

MONTH, YEAR VOL # ISSUE #

ՄԵՐ ՆՊԱՏԱԿԸ

è²Î زØàôÈ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ՝

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

Պատասխանատու Խմբագիր՝

ԱՍԱՏՈՒՐ ՏԷՎԼԵԹԵԱՆ

Խմբագրական Կազմ՝

ԴՈԿՏ. ՄԻՆԱՍ ԳՈՃԱՅԵԱՆ (Լոս Անճելըս, ԱՄՆ)

ԿԱՍԻԱ ՃՂԱԼԵԱՆ (Գահիրէ, Եգիպտոս)

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ (Պէյրութ, Լիբանան)

ՀԱՅԿ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ (Մոնթրէալ, Գանատա)

ՅԱԿՈԲ ՉԱՄՔԷՐԹԷՆԵԱՆ (Սիտնի, Աւստրալիա)

ԱԼԻՆ ՊԱԼԵԱՆ (Տուպայ, ԱՄԷ)

ԿԱՐԱՊԵՏ ՍԱՅԱՊԱԼԵԱՆ (Մարսէյլ, Ֆրանսա)

ՏԻԱՆԱ ՏԷՐ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ (Պուէնոս Այրէս, Արժանթին)

Վարչական Պատասխանատու՝

ԱՆԱՀԻՏ ՉԷՕՐԷՔՃԵԱՆ

Հեռ. +374 77 00 22 11 Հեռատիպ +1 647 435 0800

ե-նամակ՝ [email protected]

ՄԵՐ ՆՊԱՏԱԿԸ

ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼԻ նպատակն է ազգային մեր յոյզերն ու մտահոգութիւնները տարածել

աշխարհի չորս ծագերը՝ հրապարակելով Հայրենի թէ Սփիւռքահայ մտաւորականներու

յօդուածները, հայրենիքի եւ զանազան գաղութներու վերաբերող թղթակցութիւններ, ինչպէս նաեւ

ՌԱԿ-ի հետ առնչուող հաղորդագրութիւններ, աւելի քան 25000 ե-նամակի հասցէատէրերու,

բոլորն ալ՝ Հայ ժողովուրդի զաւակներ:

Օրէ օր աճող մեր հասցէացանկը առիթը կուտայ յօդուածագիրներու, իրենց մտքի պտուղը

հանդիսացող ու կարեւոր հարցեր լուսարձակի տակ առնող գրութիւններ, մեր միջոցով, յանձնելու

հազարաւոր Հայորդիներու ուշադրութեան:

Օգտուելով ժամանակակից հնարաւորութիւններու շնորհած այլեւայլ միջոցներէն եւ

հաւատարիմ մեր առաքելութեան, օրական մէկ նիւթի դրութեամբ, ամէնէն արագ, ոչ-դասական եւ

բոլորին հասանելի կերպով, մեզի ուղարկուած յօդուածներն ու թղթակցութիւնները, մեր

գրասենեակներուն մէջ սիրով խմբագրելէ ետք, պիտի հասցնենք բոլոր անոնց, որոնք ծարաւ են

ազգային առումով կենսական հարցերու հրապարակային քննարկման եւ, առ հասարակ՝

Հայկականութեան:

Hayg Nahabed and other Armenian Legends introduces young readers to the legendary Armenian heroes like: Hayg Nahabed, Vahakn the Dragon Killer, Dork Ankegh, Ara the Handsome, and King Dikran Yervantian. Edited By: Sevag Hagopian Illustrated By: David Bedrossian

Order through email:

[email protected]